Jump to content

Միհրդատ Հայկազ

Միհրդատ Հայկազ
Ծնած է 1864
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915

Միհրդատ Հայկազ (1864, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915), հանրային եւ քաղաքական գործիչ։

Ծնած է Պէշիկթաշ 1864-ին։ Շրջանաւարտ ծննդավայրին Մաքրուհեան դպրոցէն։ 1883 խառնուած է յեղափոխական կեանքին, որու հետեւանօք Տրիպոլիս աքսորուած, Ն. Մելհամէի ձեռամբ։ Սահմանդարութեան հռչակումին Պոլիս գալով բեմադրել տուաւ իր քաշածներն ու զինքը հալածողին գործելակերպը։ Իզմիրլեանի եւ յաջորդին կաթողիկոս ընտրութեանց առթիւ երկիցս Էջմիածին ուղեւորած՝ իբր պատգամաւոր։

Վառած բազմաթիւ ազգային պաշտօններ, հովանոցավաճառութիւնը բարձի թողի ընելու աստիճան։ Ազգ. երեսփոխան ընտրուած Ռոտոսթոյէն, նախագահութիւնը կը վարէր, Պէշիկթաշի «Ահարոնեան» ակումբին։

  • Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի, Կ. Պոլիս, Օ. Արզուման, 1919, էջ 41։