Միաեղջիւր Ձին
Միաեղջիւր Ձին, առասպելական արարած մը, որ կը խորհրդանշէ ողջախոհութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հոգեկան մաքրութիւն։ Կը ներկայանայ ճակատին մէկ եղջիւր ունեցող ձիու տեսքով[1]։
Աւանդութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին Յունաստանի մէջ կը յիշուի ճակատին վրայ եղջիւր մը ունեցող ձիու մը գոյութիւնը, սակայն ո՛չ մէկը զայն տեսած է: Հռոմէացիներուն մօտ շատ լուրջ գիտնական Ծերունի Փիլինին ալ կը նկարագրէ տարօրինակ անասուն մը, որ ունի ձիու մը մարմինը, եղնիկի մը գլուխը, փիղի մը ոտքերը եւ սեւ եղջիւր մը` ճակատին կեդրոնը: Ան ալ բնաւ չէ տեսած այս մոնոքերոսը, որ կ՛ապրի հեռաւոր երկիրներու մէջ:
Միջին դարերուն մարդիկ կը պատմէին, որ միաեղջիւր ձին կը պահուըտի անտառներուն խորերը, կամ` հեռաւոր օտար երկիրներու մէջ: Ճամբորդներ կը հաստատեն, որ զայն տեսած են. ան ունի գեղեցիկ ճերմակ ձիու մը կերպարանքը, այծի մը մօրուսիկը եւ ոլորուած եղջիւր մը` գլխուն վրայ: Կան նոյնիսկ անձեր, որոնք իրենց հետախուզական ճամբորդութիւններէն իրենց հետ բերած են երկար սրածայր եղջիւրներ: Անոնք չեն գիտեր, որ այդ եղջիւրները իսկապէս նարվալ` ծովային անասունին ակռաներն էին, եւ միաեղջիւր ձին միայն իրենց երեւակայութեան մէջ գոյութիւն ունի:
Միջին դարերուն միաեղջիւր ձին լաւ անուն շահած է: Ըստ աւանդութեան, անոր նշանաւոր եղջիւրը ջուրը կը մաքրէ, եւ փոշիի վերածուած` ան թոյնէն կը պահպանէ: Սակայն նախընտրելի է միշտ ուշադիր ըլլալ. միաեղջիւր ձին կրնայ զինք զայրացնող անձերուն մարմինները կայծակով մը խոցել: Անոր մօտենալու համար նախընտրելի է երիտասարդ աղջիկէ մը խնդրել անոր հետ խօսիլ. այդ ժամանակ միաեղջիւր ձին կ'արտօնէ, որ երիտասարդուհին զինք շոյէ, եւ ան հանդարտ եւ քնքուշ կը դառնայ:
Միաեղջիւր Ձիերու Կղզին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆիլիփփինի մէջ, Մաքաօ մայրաքաղաքէն մօտաւորապէս 100 քմ հեռու, կը գտնուի Ինֆլէյթըպըլ կղզիին ծովային ընդարձակ խաղավայրը, Սուպիք ծովածոցին մէջ: Այս ծովային խաղավայրին մէջ է, որ կը գտնուի Միաեղջիւր ձիերու կղզին:
Ան իսկական կղզի մը կրնայ համարուիլ, որովհետեւ ան կը տարածուի 3400 քառ. մեթրի վրայ եւ ամբողջովին շրջապատուած է ջուրով: Սահնակներ, կամուրջներ, աշտարակներ եւ օրօրոցներ, միայն այդ առասպելական անասունի կերպարին յատկացուած:
Այս կախարդական վայրը ունի նաեւ գեղեցիկ ծովափ մը, ուր նստարաններու, արեւոցներուն գոյնը, առարկաները, տեսարանները կը յիշեցնեն միաեղջիւր ձիերու աշխարհը [2]
Նարվալը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նարվալը ծովային ստնաւոր անասուն մըն է. ան ճանչցուած է նաեւ ծովու միաեղջիւր անունով. սակայն անոր «եղջիւրը» փաստօրէն ակռայ մըն է, որ կրնայ մինչեւ 3 մեթր երկարութիւն ունենալ եւ կշռել 10 քիլօ:
Նարվալը մաս կը կազմէ ակռաներով օժտուած կէտերու մեծ ընտանիքին, ինչպէս իր զարմիկը` պելուկան: Չափահաս տարիքին արու նարվալին երկարութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 5 մեթրի, եւ ան կրնայ կշռել մինչեւ 1,5 թոն:
Մարդիկ համոզուած էին, որ անոր երկար ակռան միաեղջիւր ձիու մը եղջիւրն է: Հետաքրքրուողները կազմած են հաւաքածոներ եւ զանոնք ցուցադրած ցուցափեղկերու մէջ` հազուագիւտ արժէքաւոր առարկաներու նման: Վաճառականները զանոնք կը ծախէին կամ կը փոխանակէին շատ սուղ: Կ'ըսուի, թէ նոյնիսկ Անգլիոյ Էլիզապէթ Ա. գնած է մէկ հատ` պալատի մը գինով:
Նարվալի այս ակռաներով մարդիկ կը շինէին նաեւ արժէքաւոր գաւաթներ կամ բաժակներ: Եւ որովհետեւ անոնք կը կարծէին, թէ այս ակռաները միաեղջիւր ձիերու եղջիւրներ էին, անոնք կը հաւատային, որ այս առարկաները իրենց տէրերը թոյնէն պիտի պահպանէին:
ԺԸ. դարու սկիզբն է, որ մարդիկ կ'իմանան նարվալներու գոյութեան մասին եւ կը հասկնան, որ այդ «եղջիւրները» առասպելական միաեղջիւր ձիերուն չէին պատկաներ: