Մէրամէթճեան Վարժարան
Մէրամէթճեան Վարժարան
Վարժարանը հիմնուած է Զէնոփ Էֆէնտի Մէրամէթճեանի նուիրած հողամասին վրայ, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ Ֆէրիգիւղի Վարդանանց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։ Այդ շրջանի Օսմանեան կայսր՝ Մէհմէտ Րէշատի հրամանագրով վարժարանի փայտաշէն շէնքին կառուցման որոշումը առնուած է: Վարժարանը 1912 թուականին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով, որպէս երկսեռ վարժարան կը սկսի գործել: Իր առաջին հիմնադիրն է Վահան Խիւտավէրտի:
Շէնքը 1952 թուականին հրդեհի վտանգ մը կ'անցընէ: Դարձեալ 1952 թուականին վարժարանին կ'աւելնայ միջնակարգի բաժինը: 1970ական տարիներուն բարերարներ Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Սիրվարդ Գարամանուկեաններու օժանդակութեամբ յարկ մը եւս աւելցուած է շէնքին վրայ, որու միջոցաւ դասարաններու թիւը աւելցած է:
Վարժարանը այժմ մանկապարտէզի, նախակրթութեան եւ միջնակարգի բաժիններով կը շարունակէ գործել։
Տնօրէնն է Արփի Մանուկեան:[1]
- ↑ «Մէրամէթճեան Վարժարան, Ֆերիգիւղ | Վարժարաններ | Türkiye Ermenileri Patrikliği |»։ www.turkiyeermenileripatrikligi.org։ արտագրուած է՝ 2024-12-09