Jump to content

Մարտ (ամսագիր)

«Մարտ», քաղաքական ամսաթերթ։ Վերակազմեալ հնչակեան կուսակցութեան պաշտօնական հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1897-1901 թուականներուն, Լոնտոնի մէջ։ Խմբագիր՝ Ա. Արփիարեան։ Նպատակն էր միաւորել արեւմտահայ ազգային–ազատագրական շարժման ուժերը։ Հրատարակած է 1894-1896 թուականներու հայկական ջարդերուն եւ ինքնապաշտպանական կռիւներուն վերաբերող նիւթեր, քննադատած եւրոպական տէրութիւններու դիրքորոշումը հայկական հարցի նկատմամբ, անդրադարձած հայ–ռուսական քաղաքական յարաբերութիւններուն։ Լուսաբանած է Կ. Պոլսոյ հայ ազգային եւ կրօնական մարմիններու գործունէութիւնը, արեւմտահայութեան ինքնորոշման հարցին մէջ երիտթուրքերու գրաւած բացասական դիրքը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։