Jump to content

Մատին Առաքելոց Վանքը

Մատին Առաքելոց կամ Մատնէվանք կամ Ս. Պետրոս (Առաքեալի) վանքը, Սասունի Գոմք եւ Մջգեղ գիւղերու մօտ Մարաթուկ լերան ստորոտը կոնաձեւ բլուրի մը քարուտ կողքին շինուած է Ս. Պետրոսի վանքը, կոչուած նաեւ Ճկութի Ս. Պետրոսի կամ Մատին առաքելոյ վանք։ Սիմէոն դպ. Լեհացին կը գրէ՝ «Մին՝ Մատնէվանք, ուր կայ Պետրոս առաքելոյն մատն եւ այլ բազում նշխարք, զոր եբեր Սասնցի տանուտէօրն ի Հռոմայ եւ շինեաց ի վերայ եկեղեցին եւ կոչեաց մատնէվանք»։ Մինչ տարածուած ուրիշ աւանդութեան մը համաձայն Պետրոս առաքեալը Գոմք գիւղի մեղաւոր գիւղապետին երեւնալով իր ճկոյթը կու տայ պատուիրելով Սասունի մէջ վանք մը շինել եւ զայն հոն դնել։

Տաճարը վաղեմի շէնք մըն է։ Քիւրտերէն կոչուած է Պուքէ Ճէննէթէ։ Կառուցուած է Թ. կամ Ժ. դարուն։ Անուանի՝ Ս. Պետրոսի ճկոյթի մասունքով։ Նուիրուած՝ Ս. Աստուածածնի։ Պատմութիւնը կը մնայ մութ։

Ս. Ղազարու վանքի առաջնորդը եւ միաբանները նկատի ունենալով Յարութիւն եւ Գրիգոր իշխաններու խնդրանքները Մատին առաքելոյ վանքին թէմ կը յատկացնեն։

Սասունի Յարութիւն առաջնորդէն Սիմէոն կաթողիկոսին յարգալիր դիտողութիւն կ՛ըլլայ, թէ Կոնոնոսի եւ Ատովմեանց վանքերը Մատին առաքելոց վանքին առաջնորդութեան ենթակայ են եւ ան այժմ Ատովմեանց վանքի ուրոյն առաջնորդ նշանակած է, ինչպէս Ղազար կաթողիկոսն ալ Կոնոնոսի վանքի համար կանխաւ համանման կարգադրութիւն ըրած էր եւ կը խնդրուի նախնական կարգն ու վիճակը վերահաստատել։

Մատին առաքելոց վանքին վերջին շրջաններուն վանահայրներէն են Պետրոս Վ. Աստուածատուրեան եւ Ստ. Բաղտասարեան։ Ժամանակ մը նոյնիսկ ժառանգական առաջնորդութիւն ունէր։ Հոն նստած են Սասունի առաջնորդները։

Հարուստ էծր ձեռագիրներով։ Ունէր աւելի քան 200 թեմական գիւղեր, մշակելի ընդարձակ հողեր, այգիներ, հատաններ եւ խոտհունձեր, որոնք կը մշակէր եւ հարիւրաւոր ոչխարներ եւ տաւարներ կը պահէր. ունէր նաեւ շարժուն հարստութիւններ, մանաւանդ Վարդան Մամիկոնեանի պողպատէ Վահանը, որ մեծ խնամքով կը պահուէր գանձարանին մէջ իր պատեանով։ Մինչեւ իսկ Տիգրանակերտի գաւառին մէջ հող, կալուած եւ թէմ ունէր։ Կարեւոր ուխտավայր էր։

  • Դկտ. Հ. Համազասպ Ոսկեան, Տարօն - Տուրուբերանի Վանքերը, Վիեննա, Մխիթարեան Տպարան, 1953, էջ 247-251։