Մասունք

Պենետիկտոս Նուրսիացուին մասունքները Օրտիզէիի եկեղեցւոյ մէջ (Իտալիա)

Մասունք

Սուրբերու աճիւններէն մասնիկ մը, փշրանք մը, երբ բարեպաշտական զգացումներով արծաթեայ փոքր տուփերու մէջ դրուած են կը կոչուին մասունք:

Անցեալին սովորութիւն չկար շարժական տուփերու մէջ պահել սուրբերու աճիւններէն մասնիկներ։ Նոյնիսկ փոքր ոսկորի բեկորներ կը թաղէին եւ գերեզմանաքարեր կը պատրաստէին անոնց համար։

Աւելի ետքն է, որ մարդիկ սկսան ճաճանչաւոր տուփեր շինել եւ անոնց մէջ պահել յուրրերու մասունքները։ Նոյնիսկ վիզէն կախելու նպատակով փոքր տուփիկներ պատրաստուած են անոնց մէջ ամփոփելու համար սուրբերուն մասունքները:

Այսօր մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Սեղանի բազմոցը զարդարող մեծ թէ փոքր զանազան մասունքներ կան, ճաճանչաւոր թէ պարզ տուփերումէջ, որոնք մեր բարեպաշտ ժողովուրդի պաշտամունքին արժանացած են:


Աղբիւր

  • Ծիսական Գիտելիքներ, Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, էջ՝ 155