Jump to content

Մասնակից:Կարէն/Սեւագրութիւն

Պահակախումբը փիոնէրական ողջոյնով կ՚ուղեկցի դրօշակը

Փիոնէրական ողջոյնը՛ ողջոյնի յատուկ ձեւ մըն է, զոր կը կիրարկէին խորհրդային փիոնէրները, ինչպէս նաեւ՝ ետխորհրդային երկիրներու մէջ գործող արդի փիոնէրական կազմակերպութիւնները: Անիկա կը յիշեցնէ զինուորական ողջոյնը:

Փիոնէրական տողանցքի ընթացքին (1985 թուական)

Բարեւելու ատեն փիոնէրը աջ ձեռքը կը բարձրացնէ դէպի ճակատը՝ արմուկը ծալելով այնպէս, որ դաստակը գլուխէն քիչ մը վեր մնայ: Հինգ մատները պէտք է ըլլան իրարու կպած եւ ուղիղ, իսկ ափը՝ եզրով դէպի գլուխը դարձած: Ափին եւ ճակատին միջեւ հեռաւորութիւնը մօտաւորապէս մէկ ափի չափ է:

Փիոնէրը կը ողջունէ միայն այն ատեն, երբ կրած է փիոնէրական վզկապը: Պատիւ կը տրուի դրօշակներուն (փիոնէրական, պետական եւ զինուորական), զեկուցում տալու կամ պարգեւներ ստանալու ատեն, ինչպէս նաեւ լռութեան վայրկեանի ընթացքին: «Համայնավար կուսակցութեան գործին համար պատրա՛ստ եղիր» կոչին փիոնէրները կը պատասխանեն ողջոյնով՝ ըսելով. «Մի՛շտ պատրաստ»:

ԽՍՀՄ-ի մէջ փիոնէրները պարտաւոր էին ողջունելու ջոկատավարները, փիոնէրական ու զինուորական շարքերը եւ Կարմիր դրօշակը: Անոնք յարգանքի տուրք կը մատուցէին նաեւ ԽՍՀՄ պետական դրօշի ու միութենական հանրապետութիւններու դրօշներու բարձրացման, ինչպէս նաեւ օրհներգներու կատարման ժամանակ: Ասկէ զատ, փիոնէրները պէտք է պատիւ բռնէին Վլատիմիր Իլիչ Լենինի դամբարանին քով եւ հայրենիքի ազատութեան համար պայքարողներու յուշարձաններուն առջեւ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Азбука пионерской жизни. Октябренку, вступающему в пионеры.. — М.: Молодая гвардия, 1978. — С. 90. — 128 с.