Jump to content

Մամռոտ քար ջրվէժ

Մարմառոտ քար ջրվէժ, բնապատմական արգելոց, կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի շրջանը[1]: Այստեղ կը գտնուին պատմական, բնական եւ ճարտարապետական շարք մը գեղատեսիլ վայրեր:

Հունոտի կիրճ
Ջդրդուզ

Կատարօտ կամ Ջդրդուզ կոչուող դաշտավայրը կը գտնուի Շուշի քաղաքի եզրին[2]: Դաշտը ունի մօտ 5 հեկտար տարածք:

Շուշիի պարիսպներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Շուշիի պարիսպներ

Պաշտպանական ամրոցներու շինարարութիւնը սկսած է 18-րդ դարուն[1]: Անոնք Շուշիին կ՛օգնէին պաշտպանուիլ Մխիթարաշէն եւ Քարինտակ գիւղերու կողմէ յարձակուող զաւթիչներէն: Ինչպէս նաեւ կ՛օգնէին պաշտպանել Հունոտի ջրաղացները, որոնք Շուշիի համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունէին:

Զոնտիկներ

Մամռոտ Քար ջրվէժը աւելի յայտնի է (ռուս.՝ зонтики) Զոնտիկներ կամ Հովանոց անունով: Սկիզբ առնելով կիրճի ներսէն այն կը թափուի մամռապատ քարի վրայ եւ հովանոցաձեւ ջրվէժ կը ձեւաւորուի: Մամռոտ Քար ջրվէժը կը գտնուի Կարկառ գետի ափին՝ բնական լողաւազանի մօտ:

Հունոտ գիւղը հիմնադրուած է 18-րդ դարուն: 1895-ին 130 բնակիչ ունեցող գիւղը մեծ դեր խաղցած էր Շուշիի համար: Բերդաքաղաքին ալիւր մատակարարող ջրաղացներու մեծամասնութիւնը կը գտնէին հէնց Կարկառ գետի վրայ՝ Հունոտի տարածքին[1]: Գիւղը լքուած է 1930-ին:

Հունոտի ջրաղացներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հունոտի կիրճին եւ անոր շրջակայքը 12 ջրաղացներու աւերակներ պահպանուած են[3]: 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի սկզբին այս ջրաղացները Շուշի քաղաքին ալիւր մատակարարելու գործում մեծ դեր են խաղացել:

Մամռոտ Քար ջրվէժ
Մամռոտ քար ջրվէժ

Քարանձաւ Աւանա Կարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերդաքաղաք Շուշիի կիրճը յայտնի է նաեւ քարանձաւներով, որու վրայ այն կառուցուած է: Անոնցմէ ամենամեծը եւ յայտնին Աւանայ Կարանքարանձաւն է: Աւանա Կարանը կը գտնուի Շուշիի հարաւ-արեւմուտքը, որ կը կոչուի Աւանի Քերծ: Քարանձաւը ունի մօտ 75 մ խորութիւն եւ մինչեւ 15 մ հասնող լայնութիւն, իսկ բարձրութիւնը 7-10 մ է[1]: Քարանձաւի ուղղահայաց մուտքի մօտ կրնաք տեսնել մարդաշէն հատուածներ, քարէ պատեր եւ այլ կառոյցներ: Անոնք տարիներ շարունակ կառուցուած են տարբեր նպատակներու ծառայելու համար, քանի որ քարանձաւը մարդոց կողմէ օգտագործուած է Ք.ա. 2-րդ հազարամեակէն սկսած մինչեւ 18-րդ դարը:

Շուշիի քարանձաւներ

Քարանձաւ Ալեքսանա Ղուզէ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հունոտի ջրաղացներու աւերակներէն

Ալեքսանա Ղուզէ քարանձաւը կը գտնուի Քարինտակ գիւղի հարաւ-արեւմուտքը՝ Կարպէն Քերծ սարի ստորոտը՝ Զառ գետի ձախ ափին: Այս քարանձաւը ունի մօտ 50 մ խորութիւն եւ շուրջ 7 առանձնացած սրահներ: Հելլենիստական դարաշրջանին բնակուած ըլլալով՝ Ք.ա. 1-ին դարէն մինչեւ Ք.Ե. 1-ին դարը քարանձաւը հանդիսացած է հեթանոսական պաշտամունքի վայր: Այսօր քարանձաւը կը հանդիսանայ Արցախին մէջ բնակուող սպիտակաթեւ չղջիկներու միակ հանգրուանը, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ, քանի որ մարդոց ներկայութիւնը կրնայ մեծ վնաս հասցնել անոնց բազմացմանն ու զարգացմանը[1]:

Պըլը Պուղի յուշաքար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յայտնի սրամիտ Պըլըն ծնած է 1731-ին, եւ չնայած մահացած է 1810-ին՝ ան դեռ կ՛ապրի ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ եւ ճանչցուած է արցախեան բոլոր ընտանիքներէն[4]: Պըլը Պուղին կը զուարճացնէր Մելիքին եւ անոր հիւրերուն հանգստի եւ տօնակատարութիւններու ժամանակ: Այդ ժամանակ ան համարձակօրէն կը քննադատէր նաեւ Մելիքի սխալ որոշումները, յաճախ անով իսկ օգնելով վերջինիս լուծել դժուար խնդիրներ: Բանահիւսութեան համաձայն՝ Պըլը Պուղիի աճիւնը կը գտնուի Շոշ եւ Մխիթարաշէն գիւղերու արանքին տեղակայուած քարանձաւին մէջ, եւ այդտեղ ալ, 1976-ին կառուցուեցաւ Վարանդայի Մելիք Շահնազարի պալատական ծաղրածուի՝ Պըլը Պուղու յուշաքարը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]