Մագնիսականութիւն
Մագնիսականութիւնը անտեսանելի ուժ մըն է, որ կը բանի մագնիսի մը երկու բեւեռներուն միջեւ։ Աշխարհի ընդերքին մէջ կան բնական մագնիսներ, ինչպէս՝ մագնիսաքարը: Կան նաեւ զանազան ձեւի արուեստական մագնիսներ. կարգ մը նիւթեր, որոնք «երկաթամագնիսային» կը կոչուին կրնան մագնիսի վերածուիլ, եթէ այլ մագնիսով մը շփուին կամ անոնց շուրջ փաթթուած թելի մը մէջէն ելեկտրական հոսանք ուղարկենք։ Այս վերջին պարագային՝ կը ստանանք ելեկտրամագնիս։ Երբ թելի մը մէջէն ելեկտրական հոսանք ուղարկենք, անոր շուրջ կը ստեղծուի մագնիսական դաշտ մը։ Մագնիսի մը հակառակ բեւեռները զիրար կը քաշեն, նման բեւեռներ զիրար կը վանեն։
Մեր երկիրը նոյնինքն հսկայական մագնիս մըն է։ Իր մագնիսական դաշտը կը ճառագայթէ հիւսիսի եւ հարաւի բեւեռներէն։ Կողմնացոյցի մը սլաքը կը հետեւի այդ դաշտին ուժագիծներուն։ Այդ պատճառով է, որ մագնիսի մը երկու ծայրերը կը կոչուին հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 9