Ձիթենի (հանդէս)

Ձիթենի, մանկական բարոյազիտական-կրօնական պատկերազարդ կիրակնօրեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1903-1904 թուականներուն, Ռուսչուկի մէջ, ապա՝ Սոֆիա։ Տնօրէն-խմբագիր՝ Հ. Շահուելտեան։

Տպագրած է կարճ պատմուածքներ ու բանաստեղծութիւններ, հետաքրքրական տեղեկութիւններ նշանաւոր մարդոց կեանքէն, հանրամատչելի յօդուածներ արուեստի, գրականութեան, պատմութեան, բժշկութեան, կենդանիներու ու բոյսերու վերաբերեալ, աշխարհագրական տեղեկութիւններ տարբեր երկիրներու ու քաղաքներու մասին։ Ունեցած է նաեւ առակներու, ծաղրանկարներու, թեւաւոր խօսքերու եւ այլ բաժիններ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։