Ձայնալարերու Հանգիստ
Ձայնալարերու Հանգիստ կամ Ձայնի Հանգիստը այն է, որ երգեցիկ տատանումները կը հանգստանան: Սովորաբար, այդ ժամանակահատուածին, մարդիկ չեն կրնար խօսիլ եւ երգել ախտահարոյց մանրէներու վարակներու հետեւանքով, որոնք ձայնին մեջ խթան եւ խռպոտութիւն կը յառաջացնեն, ինչպէս՝ կոկորդաբորբը:
Ձայնալարերու հանգիստի նպատակն է արագացնել բուժումը։ Կը կարծուի, թէ ձայնալարերու հանգիստը, նշանակալից կերպով կ'արագացնէ բուժման ժամանակը, հարբուխէ մը ետք[1]: Այսուամենայնիւ, ընդհանրապէս տարածուած է այն իրողութիւնը, թէ եթէ անձ մը պիտի հաղորդակցի կամ խօսակցի, պէտք է որ խօսի եւ ոչ թէ փսփսայ։ Այստարակարծիքին պատճառը այն է, որ մաս մը կը հաւատան, թէ փսփսուքը թոյլ չի տար, որ ձայնը հանգստանայ եւ այս մէկը ունի վատ ազդեցութիւններ[2], մինչդեռ ուրիշներ կը հաւատան, թէ փսփսուքը կրնայ յաւելեալ ճնշում բանեցնել կոկորդին[3]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ http://www.scena.org/lsv/sv2-7/sv2-7Doctor.htm
- ↑ http://www.uiowa.edu/~shcvoice/fatigue-faq.html
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-12-19-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-24