Ձախողութիւններու թանգարանը

Ձախողութիւններու թանգարան (Museum of Failure), Ուաշինկթըն, Միացեալ Նահանգներ: Հոն ցուցադրուած են աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքուած աւելի քան 200 ձախող գիւտեր եւ ամէն տարի անոնց թիւը կ'աճի[1]:

Ցուցադրուած գիւտեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանին մէջ կարելի է տեսնել կատուներու յատուկ, ձուկի համով ջուր, ձիթաիւղի համով սուրճ, կիներու յատուկ մելանով մատիտներ, նոյնիսկ` նախագահ Թրամփին կողմէ շուկայ իջած սթէյք միսեր:

Թանգարանին նպատակն է մտածել տալ ձախողութեան գաղափարին վրայ. անկէ հեռացնել ժխտական յատկութիւնը եւ ամօթի զգացումը, զայն ընդունիլ եւ հասկնալ, որ ան շատ կարեւոր տարր մըն է հետագային նորութիւններ ստեղծելու եւ լուծումներ գտնելու համար:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]