Ձախլիկներու Միջազգային Օր

Ձախլիկներու Միջազգային Օր

Տեսակ Միջազգային օր
Ամսաթիւ 13 Օգոստոս
Հաստատուած 20 Նոյեմբեր 1975
Անուանուած է ձախլիկ
Կայք lefthandersday.com(անգլերէն)

Ձախլիկներու միջազգային օրը կը նշուի իւրաքանչիւր տարուան 13 Օգոստոսին։

Վիճակագրական տուեալներով՝ աշխարհի բնակչութեան մօտ 10 %-ը ձախլիկներ են։ Օրուան նշման նպատակն է գրաւել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը ձախլիկներու խնդիրներուն, յատկապէս արդիւնաբերական սարքաւորումներ արտադրողներուն իրազեկ պահել ձախլիկներու առջեւ կանգնած դժուարութիւններու մասին. օրինակ՝ աջլիկ մեծամասնութեան համար նախագծուած եւ արտադրուած սարքաւորումներէն օգտուելու, ձախլիկները ստիպուած են կատարել իրենց համար անբնական շարժումներ, որու հետեւանքով ակամայ կ՚ենթարկուին չափազանց ջղային եւ մկանային ճնշումներու եւ այլն։

Հետեւանքով (1991-ին ԱՄՆ-ի մէջ կատարուած հետազօտութեան տուեալներով), արտադրական մահացու դէպքերը աւելի յաճախ են ձախլիկներու մօտ[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «13 Օգոստոսը Ձախլիկներու միջազգային օրն է»։ www.civilnet.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-10-21