Հրազդան (թերթ, Հրազդան)
«Հրազդան», խորհրդային շրջանի երկօրեայ թերթ։ Հանդիսացած է ՀԿԿ Հրազդանի շրջանային կոմիտէի եւ ժողովրդական դէպուտատներու շրջանային եւ քաղաքային խորհրդային օրգանը։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1965 թուականին, Հրազդան քաղաքին մէջ։
Լուսաբանած է կոմկուսի եւ կառավարութեան որոշումները, շրջանի եւ քաղաքի արտադրական ձեռնարկութիւններու աշխատանքային առօրեան, ներկայացուցած այպսես կոչուած՝ արտադրութեան առաջաւորներուն, վերհանած «տեղ գտած թերութիւնները»։ Փորձած է արձանագրել շրջանի գիւղատնտեսութեան աշխատողներու յաջողութիւնները, ծանօթացուցած առաջաւոր համարուող տնտեսութիւններու փորձին, անդրադարձած է աշխատաւորութեան կենցաղի, բուժսպասարկման, հանգիստի հարցերուն։
Տպագրած է գրական-գեղարուեստական գործեր, գիտական, մարզական եւ մշակութային տեղեկութիւններ, ընթերցողներու նամակներ։ ՏԱՍՍ-ի եւ Արմենպրեսի նիւթերով ծանօթացուցած է միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն (խորհրդային գաղափարախօսութեան սահմաններուն մէջ), միութենական եւ հանրապետական նորութիւններուն։
Յաջորդած է «Լենինի դրօշով» (1932-1941, 1946-1962), «Լենինեան դրօշով» (1962-1965, միացեալ), թերթերուն։