Հմայեակ Քհնյ. Երէցեան

Հմայեակ Քհնյ. Երէցեան
Ծնած է 1890
Ծննդավայր Սասունի Գոմք գիւղ
Ամուսին Հայկուհի
Ծնողներ Յակոբ եւ Խամլօ

Հմայեակ Քհնյ. Երէցեան, աւազանի անունով՝ Արամ, որդի Յակոբի եւ Խամլոյի, ծնած է սասունցի ծնողքէ, Սասունի Գոմք գիւղին մէջ 1890-ին։

Մանկապարտէզի կրթութիւնը Սսասունի մէջ ստանալէ ետք, իր հօրեղբօր՝ Տ. Հմայեակ Վրդ. Երէցեանի տնօրինութեամբ անցած է Երուսաղէմ, ուր քանի մը ամիս մնալէ ետք, մեկնած է Կիպրոս ստանալու համար նախակրթարանի ուսումը։ Օրինաւորապէս զայն աւարտելէ ետք, կանչուած է Երուսաղէմ հօրեղբօր թելադրութեամբ եւ դպրեվանքի ուսանող եղած։

Իր ուսման ծարաւը յագեցնելու նպատակով եւ ազգային առաքելոթեամբ մեկնաղ է նախ Ֆրանսա ժամանակուան մը համար եւ ապա՝ Մ. Նահանգներ, ուր հետեւած է Տիթրոյիթի Սէնթրըլ Գոլէճի լեզուագիտական դասընթացքին։

1922-ին իր ուսումը աւարտելէ ետք, վերադարձած է Հալէպ եւ նուիրուած ուսուցչութեան։ Երկու տարի տնօրէնութեան ու ուսուցչութեան զոյգ պաշտօններ վարած է Կիլիկեան Վարժարանին մէջ եւ ապա ուսուցիչ նշանակուած Հայկազեան Վարժարանի։

Արամ իր իր կեանքի ընկերը ընտրած է Յովհաննէս եւ Ֆէրիտա Աւէտիսեանի դուստրը՝ Հայկուհին, որուն հետ պսակուած է Հալէպի մէջ 1924-ին եւ ունեցած հինգ զաւակներ՝ Հմայեակ, Հերմինէ, Յակոբ, Հրայր եւ Արա։

Տէր Հմայեակ վախճանած է 1952 Օգոստոսին, երբ հազիւ վաթսուն երկու տարեկան էր եւ դեռ այնքան տալիք ունէր Հայց. Եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին, հայ դպրոցին եւ հայ գրականութեան։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կատարուած են Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Ս. Զարեհ Եպս. Փայասլեանի ձեռամբ, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, հայ եւ օտար եկեղեցականներու նաեւ խուռներամ յուղարկաւորներու ներկայութեամբ։

Մարմինը կ'ամփոփուի Լաթաքիոյ Հայոց գերեզմանատունը։

Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան, ան պարգեւատրուած է Լանջախաչով[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 396։