Հմայեակ Ա. Քհնյ. Մինոյեան
| Հմայեակ Ա. Քհնյ. Մինոյեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 1918 |
| Ծննդավայր | Ճէպէլ Էլ Աքրատ |
| Մահացած է | 22 Փետրուար 2000 |
| Ազգութիւն | Հայ |
| Կրօնք | Քրիստոնեայ |
| Մասնագիտութիւն | Քահանայ |
| Ամուսին | Մարի Փիլաւճեան |
| Ծնողներ | Պօղոս եւ Ովսաննայ |
| Երեխաներ | 5 |
Հմայեակ Ա. Քհնյ. Մինոյեան, աւազանի անունով՝ Սարգիս, որդի Պօղոսի եւ Ովսաննայի, ծնած է 1918-ին, Ճէպէլ Էլ Աքրատի մէջ։
6 տարեկանին կորսնցուցած է իր հայրը, որուն մահէն ետք ընտանիքով փոխադրուած են Ազէզ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազէզի Ազգ. Սահակեան Վարժարանէն ներս։
Իր կեանքը կերտելու համար, ան փոխադրուած է Հալէպ եւ շնորհիւ ֆրանսերէն լեզուին, պաշտօնի կոչուած է ֆրանտական ընկերութեան մը մէջ, ուր պաշտօնավարած է նախ որպէս օգնական եւ ապա ընդհանուր հաշուապահ։ Իսկ յետոյ նոյն պաշտօնը շարունակած է հիւսուածեղէնի ընկերութեան մը մէջ։
Փոքր տարիքէն մօտ եղած է եկեղեցիին ու Կիրակնօրեայ դպրոցին։ Մաս կազմած է Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ուր տարիներ ծառայելէ ետք, ձեռնադրուած է սարկաւագ, ձեռամչ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմենեանի։
1938-ին պսակուած է Մարի Փիլաւճեանի հետ եւ բախտաւորուած երկու մանչ եւ երեք աղջիկ զաւակներով։
1989-ին, հանգստեան կոչուելով փոխադրուած է հոգեւորական իր կամաւոր ծառայութիւնը մինչեւ իր վախճանումը՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան քառասուն վեցերորդ տարեդարձի օրը՝ 22 Փետրուար 2000-ին։
Տէր Հմայեակի օծումը կատարած է Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Մարմինը ամփոփուած է Սէնթ Տորոթէ գերեզմանատան մէջ, Լաւալ[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 338։