Հիւսիսային Բեւեռ
Արտաքին տեսք
Հիւսիսային բեւեռը կամ Աշխարհագրական հիւսիսային բեւեռը, կը գտնուի Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսին կեդրոնական մասին մէջ:
- Հիւսիսային բեւեռի շրջանին մէջ ցամաք չկայ: Հոն միայն ծփացող սառոյց կայ:
- Նոյնիսկ ամրան եղանակին հիւսիսային բեւեռին մէջ օդը ցուրտ է: Ջերմաստիճանը միշտ 0-ի շուրջ կ'ըլլայ:
- Հիւսիսային բեւեռը տարին միայն մէկ անգամ արեւ կը ծագի եւ մէկ անգամ մայրամուտ կ'ունենայ, որովհետեւ արեւը միշտ հորիզոնէն բարձր կ'ըլլայ ամրան, իսկ հորիզոնէն վար` ձմրան:
- Հիւսիսային բեւեռը քիչ մը աւելի տաք է, քան` հարաւային բեւեռը: Տարբերութիւնը մօտաւորապէս 7 աստիճան է ամրան, իսկ 20 աստիճան` ձմրան:
- Հիւսիսային բեւեռը ամրան կրնայ ունենալ մինչեւ 24 ժամ անդադար լոյս, իսկ 24 ժամ մթութիւն` ձմրան:
- Հիւսիսային բեւեռը ոչ մէկ երկիրի կը պատկանի:
- Հիւսիսային բեւեռը երկրագունդին առանցքին հիւսիսային ծայրն է եւ կը գտնուի Արքթիք ովկիանոսին մէջ:
- Երբ կողմնացոյցը հիւսիսը ցոյց կու տայ, ան հիւսիսային բեւեռը չի նշեր, այլ` երկրագունդին մագնիսական բեւեռը:
- Դէպի հիւսիսային բեւեռ առաջին հետախուզական արշաւը կատարուած էր նորվեկիացի Ուոլտ Ամունտսընի կողմէ 1926-ին: Ան օդանաւով մը թռաւ հիւսիսային բեւեռին վրայէն[1]:
- Հակառակ իր անունին` Նորթ Փոլ քաղաքը (հիւսիսային բեւեռ) հիւսիսային բեւեռին մօտ չի գտնուիր: Ան կը գտնուի Ալասքայի մէջ, հիւսիսային բեւեռէն մօտաւորապէս 2735 քմ հեռու:
- Ալասքայի Նորթ Փոլ քաղաքին մէջ փողոցներու անուններէն կարելի է յիշել Սանթա Քլոզ Լէյն, Սէյնթ Նիքոլաս Տրայվ եւ Հոլիտէյ Ռոտ [2]: