Հիերոկլիֆ
Հիերոկլիֆ, գիրի տեսակ, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ ի յայտ եկաւ ժայռագրութենէն ետք:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիերոկլիֆը, որպէս պատկեր, նման է պիկտոկրամին եւ պիկտոկլիֆին, միայն մէկ տարբերութեամբ, որ Հիրոկլիֆը նաեւ կ'արտայայտէ անմարմին իրականութիւնները: Ժայռագրութիւնը հետագային կամաց-կամաց իր տեղը կը զիջի հիերոկլիֆին: Հիերոկլիֆ բառը կը մատնանշէ այն նկարչութիւնը, զոր գիտնականներ «Եգիպտական գիր» կ'անուանեն:
Եգիպտական հիերոկլիֆի տեսակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ա. Մեհենադրոշմ կամ Խորհրդագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեհենադրոշմները իրապէս գիրեր չէին, այլ՝ նշաններ ու պատկերներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ներկայացուցած իրին, կենդանիին կամ ձեւին գաղափարը կու տայ: Հետագային, անոնք փորձելով հնչիւնաւորել իրենց գրածը, իւրաքանչիւր հնչիւնի, զոր կ'արտաբերէին, յատկացուցին պատկեր մը, որուն անունը կը սկսէր այդ իսկ հնչիւնով:
Բ. Քրմական գիր, նաեւ կոչուած՝ Հիէրօտական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խորհրդագիրը կը գործածուէր միայն դամբարաններու եւ յուշարձաններու արձանագրութեանց համար: Ուստի, եգիպտացիներ կարելի եղած չափով կրճատեցին խորհրդագրերուն գծագրական ձեւը, ստեղծելով ամենապարզ նշաններ, պահելով սակայն նախնական կերպարը, որ կոչուեցաւ քրմական գիր:
Գ. Ռամկական գիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եգիպտացիներ ազդուելով փիւնիկեցիներէն, ապագային կը հնարեն գրատեսակ մը, որ արդի գիրերուն պէս հնչիւն ունէր: Հիերոկլիֆը կազմուած ըլլալով զանազան պատկերներ կը ներկայացնէ մեծ բարդոյթ մը: Դեմոթականին համար առնենք երեք անուններ Պտղոմէոմ, Արսինուա եւ Ալեքսանդր: Եգիպտացիներ իրենց այս բարդ ու բազմապատկեր գիրերով ստեղծեցին հսկայ գրականութիւն մը:
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Գլաձոր» Տարեգիրք Դպրեվանքի, 1992, ե. Տարի, Պիքֆայա