Jump to content

Հաւախխունջներ

Հաւախխունջներ, (լատին․՝ Mollusca), անողնաշարներու առանձին տեսակ՝ թուլամորթներու ընտանիքին պատկանող։

Հաւախխունջները սովորաբար վեր կը բարձրացնեն իրենց հաւկթաձեւ մարմինէն մաս մը, որպէսզի շնչեն: Սակայն, երբ որեւէ վտանգ կը սպառնայ անոնց, անոնք ջուրին յատակը սուզուելով` շատ ամուր կը կառչին յատակին` պաշտպանելու համար իրենց խեփորին տակ գտնուող կակուղ փորը:

Հաւախխունջներուն «աչքերը»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հաւախխունջներուն արագոնաքարով կազմուած «կարծր աչքերը» կարողութիւնը ունին զատորոշելու իրենց շուրջ գտնուող իրերուն եւ կամ ապրող էակներուն ձեւերը, ինչ որ տեսողութեան գործընթացին անհրաժեշտ եղող տուեալներէն մէկը կը հանդիսանայ:
  • Հաւախխունջներուն «աչքերուն» ոսպնեակները կը նմանին ժայռի փայլուն կտորներու:
  • Հաւախխունջներուն «աչքերը» առիթ կու տան, որպէսզի անոնք կարենան տեսնել իրենց անմիջական միջավայրը, թէեւ ո՛չ այնքան մանրամասնութեամբ, ինչպէս նաեւ` կարենան զանազանել իրենց մօտեցող էակները, իրերն ու լոյսերու տարբեր տարողութիւնները:
  • Հաւախխունջներուն տեսողութիւնը շատ աւելի նուազ զարգացած է մարդկային տեսողութենէն, ինչպէս նաեւ անոնք կրնան միայն սեւ ու ճերմակ գոյներով տեսնել իրենց միջավայրը:
  • Հաւախխունջներուն տեսողութիւնը շատ աւելի տկար է նոյնիսկ համեմատաբար նուազ զարգացած տեսողութիւն ունեցող անասուններէն:
  • Հաւախխունջներուն «աչքերը» ունին կարգ մը առանձնայատկութիւններ: Այսպէս, օրինակ, այդ աչքերը կազմող արագոնաքար հանքանիւթը չափազանց առաձգական է, ինչ որ կը նպաստէ, շարունակ ալեկոծ միջավայրերու մէջ ապրող հաւախխունջներուն աչքերը չվնասուին ալիքներուն հարուածներէն: Փորձարկումները ցոյց տուած են նաեւ, թէ արագոնաքար հանքանիւթը կը նպաստէ, որպէսզի հաւախխունջները կարենան տեսնել թէ՛ ջուրին մէջ եղած ատեն եւ թէ՛ տեղատուութեան պատճառով ցամաքի վրայ եղած ատեն: Արագոնաքարը կրնայ ունենալ երկու բեկբեկման ցուցանիշներ, որոնցմէ մէկը հաւախխունջին աչքին վրայ պատկերներ կը ստեղծէ անոր ջուրին մէջ եղած ատեն, իսկ երկրորդը` անոր ցամաքի վրայ եղած ատեն[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]