Jump to content

Հարուածային Բանուոր

«Հարուածային Բանուոր», խորհրդային շրջանի հայկական եռօրեայ, ապա՝ երկօրեայ թերթ։ Հանդիսացած է ՀԱՄԽ-ի եւ արհմիութիւններու կեդրոնական վարչութիւններու օրգանը։ Լոյս տեսած է 19331934 թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Խմբագիր՝ Ոսկանեան։

Լուսաբանած է հանրապետութեան արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու, գիւղատնտեսական արտելներու, նորակառոյցներու արտադրական եւ արհմիութենական կեանքը, բանուորներու նամակներու ու թղթակցութիւններու օգնութեամբ ֆելիետոններով ու ծաղրանկարներով վեր հանել արտադրութեան տարբեր օղակներու մէջ, աշխատաւորութեան կենցաղին եւ սպասարկման բնագաւառին մէջ տեղ գտած ենթադրեալ թերութիւնները։

Թերթի «Շրջիկ խմբագրութիւնը» գործած է Խորհրդային Հայաստանի խոշորագոյն արտադրական ձեռնարկութիւններու եւ շինհրապարակներու մէջ, օգնած սոցմրցութեան կազմակերպման, ամփոփած անոր արդիւնքները, ընդհանրացուցած առաջաւորներու փորձը։

«Հարուածային Բանուոր»-ը անդրադարձած է միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ սոցիալիստական շարժման, տպագրած լուրեր բուհերու կեանքէն, մարզական նորութիւններ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։