Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան ԱՄՆ-ի Մասնաճիւղեր

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) ԱՄՆ-ի մասնաճիւղեր, 1918 թուականին Կ. Պոլիսի մէջ ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ի առաջին մասնաճիււղը ԱՄՆ-ի մէջ հիմնուած է 1921 թուականին, Նիու Եորքի՝՝ Մ. Խուբեսերեանի, Օ. Քեմանճեանի, Հ. Գարապեկեանի նախաձեռնութեամբ։ Նպատակը հայ պատանիներու եւ աղջիկներու ֆիզիքապէս առողջ դաստիարարկութիւն է, անոնց հայրենասիրութեան ոգով տոկորելը։ Կազմակերպութիւն կը ծաւալի մարզական, սկաուատական, ըկերային գործունէութիւն։ 1968 թուականէն սկսած են կազմակերպուիլ Գալիֆոռնեայի մասնաճիւղերը։ Կը գործեն ՀՍԸՄ Գալիֆոռնեայի եւ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնները։ Կազմակերպուած են միջմասնաճիւղային, համագաղութային ամենամեայ մարզական միջոցառումներ (նաւասարդեան խաղեր), Հայաստանի եւ Գալիֆոռնիայի ՀՄԸՄ մասնաճիւղերու սկաուատական բանակումներ։

Մասնաճիւղեր են գործում Լոս Անճելեսի, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանջիսքոյի, Փասադենայի, Գլենդելի, Օրինջ Քաունթիայի, Սան Դինգոյի, Սան Ֆեռնանտոյի, Պոսդընի, Նիու Եորքի, Նիու Ջերսիյի, Դետրոյտի, Ֆիլատելֆիայի, Փրովիդենսի, Ուաշինգդոնի, Հարաւային Ֆլորիտայի։ Գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերը ունին ֆութպոլի, պասկեդպոլի, վոլեյբոլի, թենիսի, քոնգֆու-կարադէյի, թեթև աթլեդիքայի, դաշտային խաղերու խմբակներ։ Հրատարակած է «Լրատու» (1986, Լոս Անճելըս), «Կոչնակ» (1980-1982, Գլենդել) պարբերականները, «Ասպարեզ» օրաթերթի «Հայասա» հաուելվածը:

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։