Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Զինանշան
Արտաքին տեսք
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան զինանշանը կը ներկայացնէ աջ բռունցքով բռնուած կարմիր դրօշակ։
Բովանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դրօշակին վրայ կան բահ, փետուրէ գրիչ եւ դաշոյն[1]։
- Բռունցքը կը ներկայացնէ յարատեւ կռիւի կամքն ու կուռ կազմակերպութիւնը։ Կ'ըսուի, թէ այդ բռունցքը կը պատկանի Ռոստոմին, որ առաջին զինանշանը կազմելու ժամանակ բռնած է դրօշակը[2]։
- Բահը կը խորհրդանշէ աշխատանքը, կը ներկայացնէ հայ աշխատաւորութիւնը, որ կ'անդրադառնայ շահագործումին, կը գիտակցի արդարութեան գաղափարին եւ անձնուէր կազմակերպութեան ճամբով կը նետուի կռուի դաշտ։
- Փետուրէ գրիչը կը խորհրդանշէ գիրն ու գրականութիւնը։ Ան կը ներկայացնէ հայ մտաւորականութիւնը, որ գիտակից իր դերին, իր կարողութիւնները կը նուիրէ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարին։
- Դաշոյնը կը խորհրդանշէ զէնքը՝ առանց որուն չկայ կռիւ, ոչ ալ յաղթանակ։ Զէնքը, սակայն, առանց բարոյական եւ գաղափարական ամուր կեցուածքի չի հասնիր իր նպատակին եւ կրնայ շեղիլ յարատեւ կռիւի ուղիէն։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար զէնքը միշտ մկրտուած է գաղափարով եւ ենթարկուած՝ կազմակերպութեան։
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան պաշտօնական կայքէջ.
- ↑ «ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու պաշտօնական կայքէջ - բացատրութիւն զինանշանի.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24