Հայ Խօսնակ
Արտաքին տեսք
Հայ խօսնակ, բարոյագիտական, գրական, կրօնական ամսաթերթ։ Լոյս տեսած է 1924-1939 -ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։
Խմբագիրներ՝ Ա․ Սիւրմէեան, Մ․ Նարոյեան, Զ․ Կեզիւրեան։ Ծանօթացուցած է հայ հին եւ նոր գրականութեան, տպագրած թարգմանութիւններ ռուս եւ արեւմտաեւրոպ․ գրողներէն։ Ուշագրաւ են հայ հոգեւոր երաժշտութեան նուիրուած յօդուածները («Հայ շարականները եւրոպական ձայնագրութեամբ», դ 1, 1929)։ Կարեւոր դեր յատկացուցած է հայ-ի ուսուցման սփիւռքի դպրոցներուն մէջ։ 1932֊1934-ին հրատարակած է «Հայ խօսնակ մանկանց» յաւելուածը, ուր տեղ գտած են գրական գործեր, թուաբանական խնդիրներ, հանելուկներ։