Հայ Ժողովրդական Առածներ, Ասացուածքներ եւ Հանելուկներ

Առածները, ասացուածքները եւ հանելուկները ժողովրդական կենդանի խօսակցական լեզուով յօրինուած բանահիւսական բանաձեւային ասոյթներ են: Առածները եւ ասացուածքները բաղկացած են առնուազն երկու բառէ՝ որոնք որոշ թեմա մը եւ իմաստ մը կ'արտայայտեն։ Անոնք ժողովուրդի մը դարաւոր կենսափորձէն բխող սեղմ ու պատկերաւոր, իմաստալից ընդհանրացումներ են ընկերային կեանքի, մարդկային բարքերու ու կեանքի ամենաբազմազան երեւոյթներու վերաբերեալ։

Ի՞նչ է Առածը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առածը այլաբանական ստեղծագործութիւն է, որու բուն իմաստը կ'արտայայտէ անուղղակի, խորհրդանշական – միջնորդաւորուած ձեւով («Հաւը կ'ածէ, ուրուրը կը տանի»), մինչդեռ ասացուածքը իրականութիւն կը դրսեւորէ անմիջապէս, ուղղակի («Օրէնքը հարուստին համար է, պատիժը՝ աղքատին»)։

Առած–ասացուածքները յաճախ ծագում կ'առնեն առակներէն, կը դառնան անոնց բարոյախրատական իմաստին բանաձեւուած ընդհանրացումը։

Ի՞նչ է Հանելուկը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հանելուկը հայ բանահիւսութեան եւ գրականութեան հնագոյն տեսակներէն է, գրական մշակմամբ մեզի հասած է Ե. եւ հետագայ դարերէն, արձակ, չափածոյ մէկ կամ քանի մը տողերէ կազմուած սեղմ բանաձեւ է, մեծ մասամբ՝ հարցումներ։ Յօրինուածքը բաղկացած է երկու զիրար պայմանաւորող մասերէ՝ գուշակման ենթակայ հանելուկի առարկայէն եւ հանելուկի բանաձեւէն։

Հին դարերուն շատ կիրարկուած է, մարդոց մտաւոր հասունութիւնն ու հնարամտութիւնը փորձելու, իբրեւ աշխարհաճանաչման միջոց՝ հետագային վերածուած է մտավարժութեան, իսկ մեր օրերուն՝ մանկական ժամանցի։ Հանելուկներուն մէջ պահպանուած են շատ հին առասպելաբանական պատկերացումներ, տնտեսական, կենցաղային հնօրեայ իրողութիւններու յիշատակներ, որմով անոնք ձեռք կը բերեն պատմամշակութային կարեւոր արժէք։

Հայ Բանահիւսութեան Բանաձեւային Կայուն Տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ բանահիւսութեան բանաձեւային կայուն տեսակներուն մաս կը կազմեն հնչիւնախաղերու վրայ կառուցուած շուտասելուկները, մանկական յանգաւոր բառախաղ ասելուկները, խաղերգերը (յաճախ երկխօսութիւններ), փաղաքշանքի, սպառնալիքի, յիշոց-հայհոյանքի բանաձեւերը եւ դարձուածքները[1]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Հայ ժողովրդական Ասոյթներ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-25-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-31