Հայ Եւ Յոյն Եկեղեցիներու Մկրտութեան Խորհուրդը

Մկրտութիւն կը նշանակէ լուալ կամ լուացուիլ,  իսկ կրօնական իմաստով կը նշանակէ մեղքերէ սրբուիլ մաքրուիլ: Այս խորհուրդը կրնան կատարել միայն անոնք, որոնք իշխանութիւն ունին, օրինակ՝ Քահանան:

Մկտրութիւնը մարդը կը ձերբազատէ մեղքի ծանրութիւնէն: Մկրտութեամբ մարդը մեղքերէ կը սրբուի. այն  մեղքէն, որ երեխային ծնունդէն իրեն հետ կը ծնի եւ կը կոչուի Ադամական մեղք, այս մէկը կը կատարուի ջուրով ու Սուրբ Միւռոնով քահանային իշխանութեամբ: Մկրտարանին մէջի ջուրը պաղ կամ տաք ըլլալը, քիչ կամ շատ ըլլալը արծարծելի նիւթ չէ, այլ խօսքով՝ երկրորդական է այդ հարցը: Քրիստոս ինք ըսաւ, երբ հրաժեշտ կու տար աշակերտներուն. «Հետեւաբար, գացէ՛ք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէ՛ք: Զանոնք մկրտեցէ՛ք՝ Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով:» (Մտ 28.19) Մկրտութեան աւազանին մէջ գնտուող նիւթը ջուրն է, տարբերութիւն չունի եթէ աղբիւրի կամ ծովու ջուր վ, պղտոր կամ յստակ, պաղ կամ տաք ջուր է, սակայն մկրտող քահանան կ'օրհնէ ջուրը խաչով, ապա Սուրբ Միւռոնը կը թափէ մէջը եւ կը մկրտէ երեխան:

Այս բոլորը կատարելէ ետք, քահանան կը հարցնէ կնքահօր. «Երեխան ի՞նչ կը խնդրէ», ան պէտք է պատասխանէ. «Հաւատք, Յոյս, Սէր եւ մկրտութիւն» եւ երեխան ջուր կ'իջեցնէ եւ կը հանէ քահանան կրկնելով այս մէկը երեք անգամ, որ կը նշանակէ Քրիստոսի երեքօրեայ թաղումը: Առաքելական կանոնին մէջ կ'ըսուի, թէ, եթէ քահանան կամ եպիսկոպոսը երեք անգամ ջուրին մէջ թաթխելով չկատարէ մկրտութիւնը, թող որ կարգալոյծ ըլլայ:

Տաթեւացին կ'ըսէ.«Մկրտուողին բոլոր մարմինը պէտք է լուացուի, այլ խօսքով ՝ամբողջ մարմինով պէտք է ջուրին մէջ իջնէ եւ ելլէ, սակայն եթէ պարտաւորուած ըլլայ, միայն երեսը լուալը կամ մասունք մը լուալը բաւական է: Իսկ Տէրտուղիանոս Հայրապետ ըսած է նաեւ ընդունելի է արեամբ մկրտութիւնը, այսինքն՝ նահատակութեամբ մկրտութիւնը, երբ մէկը Քրիստոսի հաւատալով կը զոհուի իր արիւնով եւ առիթ չ'ունենար մկրտուելու քահանային իշխանութեամբ եւ Սուրբ Միւռոնով ինք կը համարուի մկրտուած իր նահատակուելէն ետք, այս մկրտութիւնը միայն արժէք ունի մարտիրոսներուն համար:

Անցեալին սարկաւագները կրնային եւս կատարել մկրտութիւն, սակայն ներկայիս արգիլուած է, որովհետեւ սարկաւագները կը սպասարկեն քահանային եւ ոչ թէ իշխանութիւն ոնին մկրտելու:

Մկրտութեան վայրը միայն կրնայ ըլլալ եկեղեցին, եւ մկրտութեան աւազանը պէտք է քարեղէն ըլլայ եւ անշարժ:

Մկրտութեան խորհուրդը աւարտելէ ետք, մկրտուող երեխան կը դրոշմուի, Սուրբ Միւռոնով կ'օծուի անոր ճակատը, բերանը, աչքերը, կռնակը, ծունկերը եւ ոտքերը ամէն մէկը իր իմաստին համաձայն, ապա կը ստանայ Սուրբ Հաղորդութիւն:


Յոյն Եկեղեցւոյ Մկրտութեան խորհուրդը

Յոյն եկեղեցին ունի եօթը խորհուրդ, որոնցմէ առաջինն է մկրտութիւնը, այս խորհուրդները կրնան կատարել քահանաները եւ եպիսկոպոսները:

Առանց այս խորհուրդին, ուղղափառ եկեղեցւոյ մաս չի կրնար կազմել անձ մը կամ ալ իբրեւ ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ չ'ընդունուիր: Այս խորհուրդը կը կատարուի Սուրբ Երրորդութեան անունով՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Այս դէպքը կարեւոր է խառն ամուսնութիւններուն համար, որովհետեւ ամուսնացող զոյգերէն մէկը ոչ ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մկտրուած է, ուստի պէտք է նախքան ամուսնութեան ու պսակի խորհուրդը, Սուրբ Հաղորդութիւն ստանայ ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ, եթէ ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ պիտի ամուսնանայ անշուշտ: Քրիստոս երբ երեւցաւ աշակերտներուն իր յարութենէն ետք, պատուիրեց անոնց, որ բոլորին ուսուցանեն իր մասին եւ մկրտեն զանոնք՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Մկրտուելու համար ունէին յատուկ օրեր, օրինակ՝ կը կատարուէր Սուրբ Զատկուան օրը, Պէնտէկոստէի օրը, աւելի ուշ աւելցած էր Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան օրը, սակայն ներկայիս ոչ մէկ իւրայատուկ օր ունի մկրտութեան օրը կրնան ոեւէ մէկ օր ընել, բացի Աւագ Շաբաթէն, 25 Դեկտեմբերէն մինչեւ 6 Յունուար:

Նախքան երեխային մկտրուիլը, քահանան քանի մը հարցում կը հարցնէ կնքահօր, որ կը պատասխանէ յատուկ աղօթքով մը. «Կը պաշտեմ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, անոնց միԱստուածութիւնը, որ աներեւելի է...»: Մկրտութեան աւազանին ջուրը քահանան խաչով կ'օրհնէ աղօթքով մը, որմէ ետք կ'օրհնէ իւղը (պէտք չէ խառնել Սուրբ Միւռոնին գաղափարը քահանային օրհնած իւղին հետ, որովհետեւ տարբեր են իրարմէ) եւ Աստուածաշնչական համարներ կարդալով եւ այդ իւղով կը սկսի օծել երեխային ճակատը, կուրծքը, կռնակը, բերանը, ծունկերը, ոտքերը, այս իւղը  կը կոչուի «Իւղ որ կը հանէ մեղքերը», որմէ ետք քահանան երեխան կ'իջեցնէ եւ կը հանէ մկրտուողը երեք անգամ՝ Սուրբ Երրորդութեան անունով: Այս պահուն կը յաջորդէ դրոշմի պահը, որ քահանան Սուրբ Միւռոնով եւ խաչով կը կնքէ եւ անոր մազէն կը կտրէ կտոր մը,  որուն նշանակութիւնը Աստուծոյ նուիրուիլն է, որմէ ետք նոր մկտրուած երեխան կը ստանայ Սուրբ Հաղորդութիւն:


Նմանութիւններ Հայ եւ Յոյն եկեղեցւոյ մկրտութեան միջեւ

  • Միայն քահանան կրնայ մկրտել երեխան (ինչպէս Հայ եկեղեցւոյ մէջ, նոյնպէս ալ Յոյն եկեղեցւոյ մէջ որեւէ խորհուրդ կրնայ միայն քահանան կամ եպիսկոպոսը կատարել):
  • Մկրտուող անձը պէտք է կնքահայր ունենայ:
  • Մկրտութեան աւազանին մէջէն դուրս ելլելէն ետք, կը դրոշմուի Սուրբ Միւռոնով:
  • Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալ՝ մկրտուելէն ետք:

Տարբերութիւններ՝ Հայ եւ Յոյն եկեղեցւոյ մկրտութեան միջեւ

  • Տարբեր իւղով մը կ'օծեն ոտքերը, ճակատը, կռնակը, ծունկերը Յոյն եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Հայ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Միւռոնով կ'ըլլայ այդ օծումը:
  • Մազէն կտոր մը կտրել մկրտուելէն ետք, Հայ եկեղեցւոյ մէջ այսպիսի բան գոյութիւն չունի մկրտուելէն ետք:

Օգտագործուած Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]