Հայ Ազգային Քոնկրես
Հայ ազգային քոնկրես (ՀԱԿ)
«Հայ Ազգային քոնկրես» անուանումը առաջին անգամ ստացած է 2008 թ. Օգոստոս 1-ին հռչակուած քաղաքական ուժերու դաշինքը, որ կը միաւորէր 2008թ. նախագահական ընտրութիւններուն ՀՀ հիմնադիր նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի սատարած 18 ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ համաժողովրդական շարժման մասնակից շարք մը այլ կազմակերպութիւններ եւ հազարաւոր անհատներ[1]:
Կուսակցութեան երկու հիմնական բաղադրիչները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2013թ. նոյն՝ Հայ Ազգային քոնկրես անուանումով անիկա դարձաւ կուսակցութիւն՝ երկու հիմնական բաղադրիչի՝ ա) Հայոց համազգային շարժում (ՀՀՇ) կուսակցութեան, բ) Համաժողովրդական շարժման մասնակից այլ կազմակերպութիւններու միաձուլմամբ։
- «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւն
- «Այլընտրանք» հասարակական-քաղաքական նախաձեռնութիւն- հիմնուած 2006 թ.
- Հայոց Համազգային Շարժում- հիմնուած է 1988-ին, կուսակցութեան Նախագահ՝ Արամ Մանուկեան
- Հայաստանի Ժողովրդական Կուսակցութիւն -հիմնուած է 1988-ին,կուսակցութեան Նախագահ՝ Ստեփան Տէմիրճեան։
- Հայաստանի կանաչների (էկոլոգիական) կուսակցութիւն- կուսակցութեան Նախագահ՝ Արմենակ Տովլաթեան։
- «Հայոց Հայրենիք» կուսակցութիւն- հիմնուած է 2005-ին -կուսակցութեան Նախագահ՝ Արշակ Բակլաչեան։
- «Ժողովրդավարական ուղի» կուսակցութիւն - հիմնուած է 2006-ին,կուսակցութեան Նախագահ՝ Մանուէլ Գասպարեան։
- «Ժողովրդավարական հայրենիք» կուսակցութիւն - հիմնուած է 1998-ին, կուսակցութեան նախագահ՝ Պետրոս Մակէյեան
- «ժողովուրդի իշխանութիւն» հասարակական-քաղաքական նախաձեռնութիւն - հիմնուած է 2009 թ.
- «Մարդու իրաւունքներ 96» կուսակցութիւն - հիմնուած է 1996-ին, կուսակցութեան նախագահ՝ Ռուբէն Թորոսեան
- Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն - հիմնուած է 1897-ին, կուսակցութեան նախագահ՝ Լիւտմիլա Սարգսեան
- «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական վերածնունդ» կուսակցութիւն - հիմնուած է 1995-ին, կուսակցութեան նախագահ՝ Մկրտիչ (Սօս) Գիմիշեան։
Նախկին անդամներ
- «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն - հիմնուած է 2001-ին, Կուսակցութեան Նախագահ՝ Արամ Զ. Սարգսեան (2008-էն մինչեւ 2012)
- «Հայաստանի Լիպերալ» կուսակցութիւն - հիմնուած է 2009-ին, Կուսակցութեան նախագահ՝ Յովհաննէս Յովհաննիսեան (2008-էն մինչեւ 2012)
- «Հայ կամաւորականների շարժում» հասարակական-քաղաքական նախաձեռնութիւն - նախաձեռնութեան համակարգող՝ Ժիրայր Սեֆիլեան (2008-էն մինչեւ 2009)
- Պահպանողական կուսակցութիւն- հիմնուած է 1991-ին,կուսակցութեան Նախագահ՝ Միքայէլ Հայրապետեան։ Անդամակցութիւնը դադրած է 2012 թ. Դեկտեմբեր 25-ին։
- «Հայրենիք եւ Պատիւ» կուսակցութիւն - կուսակցութեան նախագահ՝ Գառնիկ Մարգարեան։ Անդամակցութիւնը դադրած է 2013 թ. Փետրուար 15-ին։
Որո՞նք են Հայ Ազգային քոնկրեսի գաղափարական հիմքերը եւ քաղաքական հաւատամքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ Ազգային քոնկրեսը որդեգրած է քաղաքական այն սկզբունքները եւ գործելակերպը, որ որպէս հիմք ծառայած է 1988-1990թթ. Ղարաբաղեան կամ Հայկական ժողովրդավարական շարժման գործունէութեան՝ արձանագրուած Հայոց համազգային շարժման 1988թ. Օգոստոս 19-ին հրապարակուած եւ 1989թ. Նոյեմբեր 6-ին ընդունուած Ծրագրին մէջ։ Նոյն այդ գաղափարներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ ընդունուած է Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, 1995թ. ընդունուած ՀՀ առաջին Սահմանադրութիւնը։ Այդ հիմքով վարուած է 1990-1998թթ. իշխանութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը՝ որպէս արդիւնք ունենալով ՀՀ անկախութեան ձեռքբերումը, Արցախի ազատագրումը եւ անվտանգութեան գործօններու հաստատումը, Հայաստանի պետականութեան կառուցումը։ Այս բոլորին գումարուած են նաեւ 2008 թուականէն ծայր առած Համաժողովրդական շարժման քաղաքական աւանդները։
Ըստ այդմ՝ քոնկրեսի քաղաքական հաւատամքի բաղկացուցիչներն են.
Ա) Ժողովուրդն իր ազգային ծրագրերը իրագործելու համար պէտք է ապաւինի իր ուժերուն՝ յոյս չդնելով ուրիշի հովանաւորութեան վրայ։ Հայ ժողովուրդի քայլերը պէտք է համաչափ ըլլան իր ուժերուն եւ հնարաւորութիւններուն։
Բ) Ձեւակերպուած որեւէ քաղաքական խնդիր պէտք չէ հակասէ երկրի Սահմանադրութեան եւ միջազգային իրաւունքի նորմերուն, ինչպէս նաեւ ապահովուած ըլլայ լուծման համար անհրաժեշտ հիմքներով։
Գ) Ազգը մէկընդմիշտ պէտք է հրաժարի ինքզինք այլ ազգերէ եւ ժողովուրդներէ գերադասելու մտայնութենէն։ Ազգային սնապարծութիւնը չարիք է, որ կը զրկէ իրողութիւնները սթափ գնահատելու եւ միւս ժողովուրդներու հետ շրջանային հենքի վրայ յարաբերելու ունակութենէն։ Միեւնոյն ժամանակ, ազգը պէտք չէ ինքզինք ստորադասէ այլոց, տառապի թերարժէքութեան բարդոյթով, պէտք է կարողանայ ճիշդ գնահատել սեփական դերն ու նշանակութիւնը ժողովուրդներու համաշխարհային ընտանիքին մէջ։
Դ) Պետութեան եւ ժողովուրդի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծումը հնարաւոր է, երբ անոնք կը հետապնդուին որպէս քաղաքական խնդիր՝ իրատես քաղաքականութեան հիմքի վրայ։ Եւ ընդհակառակը, որեւէ խնդրի լուծում կը դառնայ անհնար, եթէ անիկա կը տեղափոխուի պատմական իրաւունքի եւ գաղափարախօսութեան հարթութիւն, կը դառնայ գաղափարախօսական կանխադրոյթ, կ'արհամարհուի իրատեսական մօտեցումը։
Ե) Պատմական փորձը անառարկելիօրէն կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան արդի փուլին անհատի քաղաքական, տնտեսական եւ բոլոր այլ իրաւունքներու ապահովման, ինչպէս նաեւ ազգային խնդիրներու լուծման նախապայմանը ժողովուրդի ազատութիւնն է, իսկ վերջինիս երաշխիքը՝ ազգային անկախ պետականութիւնը։
Զ) Բազմակուսակցական համակարգը, խօսքի, մամուլի, խղճի եւ այլ ազատութիւնները ինքնին անհրաժեշտ, սակայն բաւարար պայմաններ չեն իրական ժողովրդավարութեան հաստատման համար։ Ժողովրդավարութեան հիմքը քաղաքացիներու տնտեսական անկախութիւնն է, բարեկեցութիւնը, քանի որ տնտեսապէս անկախ անհատն է, որ խարդախութիւններու առարկայ չի դառնար տարբեր պետական ու քաղաքական կազմակերպութիւններու ձեռքը։
Է) Պատմականօրէն ձեւաւորուած թիւրըմբռնում է ազգային եւ պետական շահերու տարբերութեան մասին պատկերացումը։ Անկախ պետականութեան պայմաններուն մէջ ազգային գերագոյն արժէքը սահմանադրութեամբ օժտուած, ժողովրդավար, ազատ, անկախ պետութիւնն է։ Պետութեան հոգածութեան առաջնային գործօնը իր քաղաքացին է։ Ներքին թե արտաքին ասպարէզներու մէջ պետութեան հետապնդած իւրաքանչիւր խնդիր պէտք է բխի Հայաստանի ժողովուրդի եւ քաղաքացիի շահերէն ու սպասարկէ անոր կարիքներուն։
Ը) Արտաքին վտանգներուն համաչափ ռազմական կարողութիւններու եւ պաշտպանական մասնագիտացած կառոյցներու հզօրացումը անկախ պետութեան առաջնային խնդիրն է, ինչ որ ժամանակակից աշխարհին մէջ կը պահանջէ տնտեսական համակարգի բարձր մակարդակ եւ ֆինանսատնտեսական մեծ հիմքեր։
Թ) Ազատութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը փոխկապակցուած են. ազատութիւնը կրնայ պահպանուիլ այն հասարակութիւններուն մէջ, որոնք կը ձգտին ընկերային արդարութեան։ Ընկերային արդարութիւնը, հնարաւորութիւններու հաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ, կ'ապահովէ մարդու ազատ եւ դիւրին անցման հնարաւորութիւն՝ ընկերային պակաս ապահով խումբէն աւելի ապահովը։
Ժ) Հայաստանի մէջ յատուկ հոգածութեան առարկայ պէտք է ըլլայ հայոց լեզուն՝ որպէս ՀՀ պետական լեզու։ Հայկական մշակոյթի զարգացման պայմանները պէտք է բաւարարեն մէկ կողմէն՝ իր ազգային նկարագրի եւ ինքնութեան պահպանումը, միւս կողմէ՝ համաշխարհային մշակոյթի նուաճումներու իւրացման, ինչպէս եղած է դարեր շարունակ։
Ի՞նչ ուղղութեան քաղաքական ուժ է Հայ Ազգային քոնկրեսը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Որպէս գաղափարախօսական ուղենիշ, կուսակցութիւնը որդեգրած է սոցիալ-ազատականութիւնը։ Ազատականութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը փոխկապակցուած են եւ կը լրացնեն միմիանց։ Հնարաւոր չէ ունենալ ազատ հասարակութիւն՝ միաժամանակ չձգտելով ընկերային արդարութեան, ինչպէս հնարաւոր չէ ապահովել արդարութիւն, երբ սահմանափակուած են քաղաքացիական եւ տնտեսական ազատութիւնները։
Որո՞նք են պետականութեան այն հիմնադրոյթները, որոնք կը դաւանի քոնկրեսը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ա) Պետութեան առաջնային խնդիրը երկրի զարգացման, իր քաղաքացիներու անվտանգութեան, արժանապատիւ կեանքի, ազգային ինքնութեան պահպանման, ապագայի նկատմամբ անսասան հաւատքի ապահովումն է։ Այս պարագային է, որ կրնայ լուծուիլ ազգային անվտանգութեան եւ ազգի գոյատեւման ու զարգացման առումով ամէնակարեւոր՝ ժողովրդագրութեան հարցը, կը դադրի արտագաղթը, կ'աճի բնակչութեան թիւը, կը յարատեւէ ազգային կեանքը։
Բ) Ինչպէս պատմական որեւէ շրջափուլի, առաւել եւս ներկայ աշխարհին մէջ, պետութեան առաջնային խնդիրներու լուծման լաւագոյն եւ անհրաժեշտ պայմանը խաղաղութիւնն է։
Գ) Միայն խաղաղ զարգացումը կրնայ ապահովել տնտեսական առաջընթաց, միայն տնտեսական առաջընթացի վրայ կրնայ ապահովուիլ քաղաքացիի արժանապատիւ կեանքը, ամրապնդուիլ երկրի պաշտպանական համակարգը՝ որպէս նոյն խաղաղութեան ապահովման երաշխիք։
Դ) Հայաստանը պէտք է բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենայ տարածաշրջանի երկիրներու եւ առաջին հերթին իր անմիջական հարեւաններուն հետ՝ զայն դիտելով անվտանգութեան ապահովման համակարգի կարեւոր մէկ բաղադրիչ։
Ե) Քաղաքական խնդիրներու ձեւակերպման համար պայման է իրական, հաշուարկելի հիմքերը, իսկ քաղաքական գործելակերպի համար՝ իրատեսական մօտեցումը։ Բաւարար հիմքերով չապահովուած որեւէ խնդիր պետութեան քաղաքական օրակարգի հարց հռչակելը արկածախնդրութիւն է՝ յղի կորուստներու եւ աղէտներու սպառնալիքով։
Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ Հայ Ազգային քոնկրեսը Հայաստանի զարգացումը եւ ապագան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանը պէտք է զարգանայ որպէս ազգային պետութիւն՝ օժտուած իրաւականութեան, ժողովրդավարութեան, ընկերային արդարութեան, մարդու իրաւունքներու ապահովման համապատասխան գործընթացներով։ Յարատեւ եւ յուսալի խաղաղութիւնն է այն առաջնային նախապայմանը, որ հնարաւոր կը դարձնէ երկրի բնականոն զարգացումը եւ հզօրացումը, իր քաղաքացիներու կենսամակարդակի բարձրացումը, արտագաղթի դադրեցումը, ներգաղթի ծաւալումը։ Մենք կը տեսնենք ապագայ Հայաստանը որպէս տեխնոլոգիապէս առաջադէմ եւ էկոլոգիապէս մաքուր երկիր, որ գրաւիչ է սեփական քաղաքացիներուն եւ այցելուներուն համար։
Ինչպիսի՞ կառուցուածք ունի քոնկրեսը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կուսակցութեան կառուցուածքային մարմիններն են՝
- Համագումարը,
- Կուսակցութեան նախագահը,
- Վարչութիւնը,
- Հանրապետական խորհուրդը,
- Տարածքային կազմակերպութիւններու ընդհանուր ժողովները,
- Տարածքային կազմակերպութիւններու խորհուրդները:
Ինչպէ՞ս կարելի է անդամագրուիլ քոնկրեսին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կուսակցութեան անդամագրուելու համար պէտք է դիմել տարածքային կազմակերպութիւններուն կամ կուսակցութեան վարչութեան։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Armenian National Congress»։ Հայ Ազգային Կոնգրես (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2025-04-29