Jump to content

Հայկ Հրայր

Հայկ Հրայր, ծնած է Հայաստանի Էջմիածնի Ոսկեհատ գիւղը, ուր ներգաղթած են իր ծնողները Իրանէն 1946-ին։ Աւարտած է տեղւոյն միջնակարգ(երկէորդական) վարժարանը։

Իր ստեղծագործութիւնները քանիցս հնչած են Հայաստանի ռատիոյէն, հեռատեսիլէն, եւ տպագրուած՝ մամուլի մէջ, ինչպէս՝ «Գրական Թերթ», «Հայրենիքի Ձայն», «Գարուն», եւլն։ Անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։

1988-ին առողջական ծանր վիճակին պատճառով (muscular distrophy)գաղթած է ԱՄՆ, Լոս Անճէլըս, ուր կը շարունակէ ստեղծագործել։ Միեւնոյն ատեն կը հետեւի Կլէնտէյլի Carer College-ի անգլերէն լեզուի բարձրագոյն դասնթացքներուն։

Կ՛աշխատակցի «Ասպարէզ» «Լրաբեր», «Նոր Կեանք», «Քաջ Նազար», «Նոր Օր» եւ այլ թերթերու։ Իր գործերը տեղ գրաւած են 1990-ին Հայաստանի «Նայիրի» հրատարակութեան «Կամուրջներ» հատորին մէջ։

1990-ին Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսած է իր Տաք Հող բանաստեղծութեանց գիրքը, որ արժանացած է Armenian Allied Arts Assosciation-ի գրական առաջին մրցանակին եւ դրամական պարգեւին։

1993-ին Երեւանի մէջ հրատարակուեցաւ իր բանաստեղծութեանց Բ. ժողովածուն՝ Մանանայի Հատիկ։

Հայկ Հրայր տուած է մարդկայնական գողտրիկ բանաստեղծութիւններ։ Յուսալից է ան ապագայի նկատմամբ։ Զգայուն սրտին արտացոլացումն է իր «Մայրս» քերթուածը։ Շատեր նուիրուած են տաղեր իրենց անգին մայրերուն. սակայն Հայկ Հրայրինը եզական է ինքնատպութեամբ։