Հայկական Սինեմա (թերթ)

«Հայկական Սինեմա», երգիծական պատկերազարդ շաբաթաթերթ։

Լոյս տեսած է 1925-1926-ին, Գահիրէի մէջ։ Արտօնատէր-հրատարակող՝ Ա․Սարուխան, խմբագիրներ՝ Վ․Չաքարեան, Ե․Օտեան։ Լուսաբանած է սփիւռքի հայ հասարակութեան կեանքը, կարեւոր տեղ յատկացուցած ազգամիջեան-միջկուսակցական յարաբերութիւններուն։ Դատապարտած է օտարամոլութիւնը, հայ որբերու նկատմամբ ցուցաբերուող անտարբերութիւնը։ Կոչ ըրած է օգնել Հայաստանին, ներկայացուցած հանրապետութեան տնտեսական եւ մշակութային կեանքը։