Jump to content

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Իտալիոյ Մասնաճիւղ

Սուրբ Ղազարի Հայկական Միաբութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Իտալիոյ մասնաճիւղ Միջնադարեան Իտալիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ եղած են մեծ թիւով հայ հոգեւորականներ, գործած են կրօնական միաբանութիւններ։ 14-րդ դարու սկիզբը կը յիշուի «Իտալիոյ հայերու եպիսկոպոս» եկեղեցական տիտղոսը։

13-14-րդ դարերէն երկրի շարք մը քաղաքներուն մէջ եղած են շուրջ 40 հայկական եկեղեցի ու մենաստան, որոնք ժամանակի ընթացքին անցած են լատին կրօնական կարգերը եւ ձուլուած Իտալական հաստատութիւններու մէջ։ Միջին դարերուն կառուցուած բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներէն մինչ այսօր հայերուն կը պատկանի միայն Վենետիկի[1] Սուրբ Խաչ եկեղեցին որ փոխանցուած է 1717 թուականին Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատուած Մխիթարեան միաբանութեան: Սուրբ Խաչ եկեղեցին առաջին անգամ յիշուած է 1434 թուականին։ Ամբողջական նորոգման ենթարկուելէ եւ ընդարձակուելէ ետք վերաբացուած է 1982 թուականին (կարճ ժամանակով) եւ ապա՝ 1995 թուականին (1999 Ապրիլին դարձեալ դադար առած է կիրակնօրիայ պատարագի մատուցումը): Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիի Իտալիոյ հոգեւոր հովիւը (առաջին հովիւ՝ Տէր Եղիշէ քահանայ Կարամեան) սկսած է գործել 1924 թուականէն, մտած է Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան կազմին մէջ։ 1937-էն մինչեւ 1952 համայնքը մնայուն հովիւ չէ ունեցած։ 1958-ին տեղի ունեցած է Սիլանի նորակառոյց Սուրբ Քառասուն Մանուկ հայկական եկեղեցւոյ օծումը (կառուցուած է բարերարներ Յովհաննէս եւ Սարգիս Տիարպեքիրեաններու նուիրատուութեամբ, ճարտարապետ՝ Զարի Սուրեան): Հովուական պաշտօնի կոչուած է Օշին արքեպիսկոպոս Նիկպեանը: Անոր յաջորդած են Զգօն արքեպիսկոպոս Յովսէփեանը, Ժիրայր վարդապետ Թաշճեանը, Սարգիս քահանայ Մարզպանը:

Ֆլորենցայի հայ առեւտրականներ եւ վկաներ, հաւանաբար հաստատուած են 6-7-րդ դարերուն։ Հայերը այստեղ կառուցած են Սուրբ Մինասնավանքը, որ մինչեւ 9-րդ դարուն պատկանած է Բարսեղեան Միաբանութեան: Եկեղեցիին մէջ կայ քաղաքի պաշտպան Սուրբ Մինասի խճանկարը՝ հայ թագաւորի հանդերձանքով եւ արձանագրութեամբ (Ս. Մինասը, ըստ աւանդութեան, Հայաստանի թագաւոր հռչակուած է): Ֆլորենցան առեւտրական յարաբերութիւններ ունեցած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան հետ։ Անոնց միջեւ կապերը բարգաւաճած են յատկապէս 14-րդ դարուն, երբ մաքսային եւ այլ առանձնաշնորհումներ ըրած են Ֆլորենցայի վաճառականներուն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]