Հայելի

Ծաղկամանի պատկերը հայելիի մէջ

Հայելին, ապակիէ մեծ տախտակ մըն է, որուն վրայ կը փակցուի մետաղի շատ բարակ խաւ մը: Անոր մակերեսը շատ հարթ եւ ողորկ է, հետեւաբար ան կարելիութիւնը կու տայ պատկերներուն ցոլանալու` հարազատ նկար մը տալով:

Գոյութիւն ունին նաեւ հայելիներ, որոնք տափակ չեն. անոնք մարդու կերպարանքին տձեւ պատկեր մը կու տան` շատ մեծ, շատ պզտիկ, շատ նիհար կամ շատ գէր:

Մետաղէ հայելիներու (պրոնզէ կամ արծաթէ) կիրարկութեան մասին առաջին տեղեկութիւնները կը վերաբերին Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]