Հայաստան Հանրագիտարան
Հայաստան հանրագիտարան, Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութեան տպագրած հայերէն հանրագիտարան, հրատարակուած 2012 թուականին։ «Հայաստան» հատորը ՀՀ անկախացումէն եւ ԼՂՀ հռչակումէն ետք առաջին հանրագիտարանն է, ուր համապարփակ կը ներկայացուին հայոց պատմութիւնը իր բնօրրանին մէջ՝ Հայկական լեռնաշխարհին՝ վաղնջական ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, հայկական պետականութեան բարդ ու դժուար ճանապարհը, տնտեսութեան, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ միւս բնագաւառներու նուաճումները, հայոց հոգեւոր կեանքը ու եկեղեցին, Սփիւռքը, Հայաստան աշխարհը՝ իր ֆիզիկաաշխարհագրական Նկարագրով, հասարակական-քաղաքական զարգացումներով եւ այն կարեւոր իրադարձութիւններով, որոնք այս կամ այն կերպ կ՝ առնչուին հայերուն ու հայկականութեան։
Հատորը բաղկացած է երկու մասէ՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն»։
«Հայաստան» հանրագիտարանները իրենց ընդգրկումով, կառուցուածքով եւ շարադրանքի առանձնահատկութիւններով որոշակի աղերսներ ունի 1987-ին հրատարակուած «Հայկական սովետական հանրագիտարանի» (12+1 հատոր)՝ «Սովետական Հայաստան» հատորի հետ, սակայն սկզբունքօրէն կը տարբերուի նախորդէն, որովհետեւ շարադրուած է ժամանակակից գիտական հենքի վրայ, զերծ է գաղափարաքաղաքական եւ հարեւան ժողովուրդներու շինծու պատմութեանը «հարմարուելու» խորհրդային պարտադրանքէն։
Գիրքին նիւթը շարադրուած է թեմատիկ բաժիններով։ Նախ ներկայացուած են երկու պետություններու խորհրդանիշները, պետական կարգն ու կառավարման մարմինները՝ հանրապետութիւններու նախագահները, օրենսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութիւնները, այնուհետեւեւ ՀՀ եւ ԼՂՀ Սահմանադրութիւնները, ուժային կառոյցները, բնակչութեան ժողովրդագրական պատկերն ու սոցիալ-տնտեսական վիճակը։
Հայկական լեռնաշխարհի ֆիզիկաաշխարհագրական նկարագիրը տրուած է երկրաբանական կառուցուածքի, լեռնագրութեան, կլիմայի, ջրերու եւ հողերու, բուսական ու կենդանական աշխարհներու մասին ծագալուն հոդոգածներով, ներկայացոգած են բնութեան եւ կեեւսաբազմազանութեան պահպանութեան առկայ վիճակն ու խնդիրները, այդ նպատակով ստեղծուած ազգային պարկերը, արգելավայրերը ու արգելոցները։
Հայաստանի եւ հայոց պատմութեան շարադրանքին մէջ առաւել հանգամանորեն ներկայացուած են Հայաստանի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանրապետութիւնները՝ որպէս հայոց պետականութեան զարգացման յաջորդական փուլեր։ Երրորդ հանրապետութեան պատմութեան մեջ շեշտադրուած են ՀՀ անկա– խացման ու ԼՂՀ հռչակման գործընթացները՝ նորօրեայ ազգային-ազատագրական պայքարի եւ Արցախեան շարժման առանձնահատկութիւնները։ Չեն շրջացուած նաեւ այն քաղաքական, տնտեսական ու սոցիալական դժուարութիւնները, որոնք հայ ժողովուրդը յաղթահաէած է ու կը յաղթահարէ անկախութիւնէն ի վեր՝ պետականութեան կայացման ճանապարհին։
Տնտեսութեան առանձին ոլորտներու համառոտ պատմութւններու շարադրանքին տեղ գտած են նաեւ ՀՀ եւ ԼՂՀ Կառավարութիւններու ձեռնարկած այն բարեփոխումները, որոնք անհրաժեշտ էին շուկայական տնտեսահարաբերութիւններու նոր համակարգ ստեղծելու համար։
Առանձին բաժիններով ներկայացուած են Հայ եկեղեցին ու կրօնական կազմակերպութիւնները, Սփիւռքը՝ իր համայնքային, հոգեւոր ու կրթամշակութային կառոյցներով, որոնք այսօր նոր առաքելութիւն ունին նորանկախ հանրապետութիւններու կայացման ու զարգացման գործին մէջ։
Գիրքին մէջ զգալի տեղ հատկացուած է գիտութիւններուն, որոնք ներկայացուած են 3 խոշոր՝ բնական, հասարակական եւ տեխնիկական գիտութւններ ենթաբաժիններով։ Պատշաճօրէն ներկայացուած է նաեւ ՀՀ ԳԱԱ-ն՝ որպէս հանրապետութեան գիտութեան կազմակերպման ու կառավարման առանցքային հաստատութիւն։