Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը
Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցը, կը գտնուի Երեւանի հրապարակը։ Տեղադրուած է 1941 թեւականի աշնան[1]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երեւանի կառավարութեան շէնքը նախագծելու ժամանակ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանը նախատեսած է շէնքին աշտարակը զարդարել հսկայ ժամացոյցով մը:
1938-ին շէնքին կառուցումը գրեթէ աւարտած էր, բայց աշտարակին վրայ դեռ մնացեր էր մեծ տրամագիծով խոռոչ մը: Ժամացոյցը պատրաստելու պատուէր տրուած է Մոսկուայի Չայքովսկիի անուան երաժշտանոցի ճարտարապետ Մակնուշեւսքին[2]:
1941-ին ժամացոյցի պատրաստութիւնը աւարտած է: Զայն անմիջապէս Մոսկուայէն Երեւան փոխադրած են, սակայն նկատի ունենալով որ 1941-ի Յունիսին հայրենական պատերազմը սկսած է, ուստի Մակուշեւսքին չէ կրցած Հայաստան գալ: 1941 թուականի Սեպտեմբերին ժամացոյցը տեղադրուած է շէնքի աշտարակին։
Տեղադրումը վստահուած է այդ օրերու Կապի նախարարութեան ճարտարապետ Արծրուն Եաւոյրեանին եւ մայրաքաղաք Երեւանի գլխաւոր հրապարակը օժտած է բոլորիս ծանօթ հնչող ժամացոյցով:
1941 թուականէն մինչեւ 2022 թուական ժամացոյցը կանգ առած է միայն 2-3 ժամով[1]։
Հանրապետութեան հրապարակի ժամացոյցին տրամագիծը կը կազմէ 360 սմ.։ Մեծ սլաքը, որ վայրկեանը ցոյց կու տայ, 170 սմ. է եւ կը կշռէ 4 քիլօ 850 կրամ։ Փոքր սլաքին երկարութիւնը 110 սմ. է, կը կշռէ 3 քիլօ 600 կրամ[2]։
Ժամագործներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժամացոյցը տեղադրելէ ետք առաջին 40 տարիները երկրի գլխաւոր ժամագործը Արծրուն Եաւրոյեանն էր, մէկ տարի (1981-82 թուականներուն), ժամացոյցը ղեկավարած է Զօրիկ Յակոբեանը, ետքը երկար տարիներ՝ Գեղամ Մկրտչեանը, որուն փոխարինած է Աշոտ Մելիքսէթեանը։
2003 թուականի Դեկտեմբերէն մինչեւ հիմա ժամացոյցին վարպետ-պահապանը Լեովա Ալեքսանեանն է: Անոր վստահուած է երկրին հիմնական ժամը[2].
Ամէն օր ես կ՚ողջունեմ ժամացոյցը, կը մաղթեմ լաւ օր, բարի երեկոյ ու բարի գիշեր՝ արդէն 18 տարիէ ի վեր։ - Լեովա Ալեքսանեան
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 «Ճանապարհորդութիւն ժամանակի մէջ. Հայաստանի գլխաւոր ժամացոյցի պատահական ծնունդն ու պատմութիւնը. Կոնկրետ յայտնի չէ, թէ երբ է սկսել աշխատել, բայց յայտնի է, որ եօթանասուն տարւայ ընթացքում կանգ է առել միայն 2-3 ժամով»։ PanARMENIAN.Net։ արտագրուած է՝ 2023-02-22
- ↑ 2,0 2,1 2,2 «ԺԱՄԱՆԱԿՆ ՈՒ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2022-01-13։ արտագրուած է՝ 2023-02-22