Հայաստանի Աշխատաւորուհի
«Հայաստանի Աշխատաւորուհի», խորհրդային շրջանի հայկական հասարակական–քաղաքական, գրական–գեղարուեստական պատկերազարդ ամսագիր։ Հանդիսացած է Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան Կենտրոնական կոմիտէի հրատարակութիւնը։
Լոյս կը տեսնէր 1924-էն (1941–1958 -ին ընդհատուած է), Երեւանի մէջ։ Խմբագիրներ Ֆ. Վարդանեան, Վ. Տարախչեան, Ա. Չոլախեան, Վ. Աթանէսեան, Ա. Երիցեան, Ժ. Մադոյեան, Ա. Չիլինգարեան (1972 -էն)։
Առաջին շրջանին հանդէսը ներկայացուցած է հայ կնոջ մասնակցութիւնը Հայաստանի մէջ սոցիալիստական ռեժիմը ամրապնդելու, փորձած է պայքարիլ անգրագիտութեան դէմ, պայքարիլ աշխատաւոր կնոջ իրաւունքներու համար։ Վերահրատարակումէն ետք (1958) «Հայաստանի Աշխատաւորուհի» աշխոյժ մասնակցած է ԽՄԿԿ եւ ՀԿԿ համագումարներու ու պլենումներու որոշումները տպագրելու մէջ։ Գովազդած է խորհրդային գաղափարախօսութիւն՝ «սովետական հայրենասիրութիւն», «ժողովուրդներու բարեկամութիւն», «պրոլետարական ինտէրնացիոնալիզմ» եւ այլ դոգմաներ, հետեւողականոնօրէն լուսաբանած կանանց դերն ու տեղը՝ այսպէս կոչուած կոմունիստական հասարակարգի կառուցման գործին մէջ։
Գաղափարախօսութեան դիրքերէն առանձնայատուկ ուշադրութիւն նուիրած է հասարակութիւն-ընտանիք-անհատ փոխյարաբերութիւններուն, սոցիոլոգիական ուսումնասիրութիւններ կազմակերպել այդ թեմայով, հարցազրոյցներ ընել հանրապետութեան նշանաւոր համարուող մարդոց հետ։ Անդրադարձած է նաեւ կանանց ու երեխաներու առողջապահութեան, հանգիստի կազմակերպման հարցերուն, տուած բժշկական, կենցաղային խորհուրդներ։
Ամսագրին թղթակցած են հանրապետութեան գրողներ, գիտնականներ, բժիշկներ, տարբեր մասնագիտութիւններու կին գործիչներ։ Պարգեւատրուած է «Պատուոյ նշան» շքանշանով (1974):
Յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հայաստանի Աշխատաւորուհի» ամսագրի թուայնացուած 1924-1998 թթ․ համարները Հայաստանի Ազգային Գրադարանի արխիւին մէջ (tert.nla.am)
- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան (Soviet Armenian Encyclopedia) 6.djvu/136