Jump to content

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն

Հայաստանի կառավարութեանն առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ), գործադիր իշխանութեան հանրապետական մարմին, որ կը մշակէ եւ կ՚իրականացնէ ազգային անվտանգութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան մարմիններու կառավարումը։ Այն կը համարուի Հայաստանի գլխաւոր յատուկ ծառայութիւնը։

Հայաստանը ունի Ազգային անվտանգութեան եւ Ներքին գործերու նախարարութիւններու մէկ գերատեսչութեան մէջ միաւորման փորձ։ Այս իրավիճակը տեւեց 1996-էն մինչեւ 1999։ ԱԱԾ կազմին մէջ կը մտնեն ե՛ւ հետախուզութիւնը, ե՛ւ սահմանապահ զօրքերը, ե՛ւ ծածկագրողները, ե՛ւ ՀՀ պետական պահպանութեան ծառայութիւնը։

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը Արթուր Վանեցեանն է (10 Մայիս 2018)։

Ընդհանուր տեղեկատուութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն

  • Արթուր Վանեցեան

Տեղակալներ

  • Ստեփան Մելքոնեան
  • Արամ Յակոբեան
  • Էդուարդ Մարտիրոսեան

Յետյեղափոխական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ ծաւալուած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք սկսաւ աշխատիլ այլ ոճով, ԱԱԾ-ն սկսաւ հասարակութեան մէջ մեծ յարգանք վայելել։ Մասնաւորապէս ԱԱԾ-ն բացայայտեց շարք մը ընկերութիւններու կողմէ կատարուած չարաշահումները եւ կաշառակերութիւնը։

  • ՀՀ Սահմանային պահպանութիւն
  • Հայաստանի զինուած ուժեր

ԱԱԾ աշխատակիցի օր[1]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամէն տարի Դեկտեմբեր 20-ինկը նշուէր ԱԱԾ աշխատակիցի օրը, որ կը համընկնի Ռուսաստանի անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան (ՖՍԲ) աշխատակիցի օրուայ հետ։ Վերջինի պարագային ամսաթիւը կը համընկնի 1917 թուականի Դեկտեմբեր 20-ի հետ, երբ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն յետոյ Վլատիմիր Լենինի հրահանգով ստեղծուեցաւ յակայեղափոխութեան եւ տիվերսիայի դէմ պայքարի համառուսական արտակարգ յանձնաժողով (չեկա) եւ յանձնաժողովի նախագահ նշանակուեցաւ Ֆելիքս Ձերժինսկին, որ երկրին մէջ սկիզբ դրաւ քաղաքական բռնաճնշումներուն եւ զանգուածային գնդակահարութիւններուն։ ՀՀ կառավարութեան 2024 թուականի Մարտ 7-ի որոշմամբ ԱԱԾ աշխատողի օրը փոխուած է եւ այսուհետեւ պիտի նշուի Յունուար 8-ին։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (հայերեն) Հայաստանի ազգային անվտանգության ծառայություն, 2025-06-28, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6%D5%AB_%D5%A1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6_%D5%A1%D5%B6%D5%BE%D5%BF%D5%A1%D5%B6%D5%A3%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%AE%D5%A1%D5%BC%D5%A1%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6&oldid=10367750, վերցված է 2025-06-30