Jump to content

Համսթըրները (Արջամուկ)

Համսթըրները (Արջամուկ), կրծողներու ընտանիքին կը պատկանին: Մեծ վնաս կը հասցնեն գիւղատնտեսութեան։ ժանտախտ կը տարածեն[1]:

Համսթըրները իբրեւ ընտանի անասուն ունեցողներուն թիւը մեծապէս աճած է: Համսթըրները իսկապէս մոռացկոտ են: Անոնց տէրերը կ'ըսեն, որ անոնք կը մոռնան իրենց կատարելիքը` տակաւին զայն ըրած ընթացքին:

Համսթըրները ծանօթ են սնունդի կուտակման իրենց պահուածքով: Անոնք սնունդը կը տեղափոխեն իրենց ստորին որջերը՝ այտերու մեծ տոպրակներուն մէջ: Երբ անոնց այտերը լեցուած կ'ըլլան, կը թուի անոնց գլուխները աճած են երկու կամ երեք անգամ:

Համսթըրները ձմրան նախապատրաստուելով` իրենց ամառնային ծանրութիւնը կը կորսնցնեն: Այն համսթըրները, որոնք կը պահուին իբրեւ ընտանի անասուններ, նոյնպէս կրնան ունենալ այս կողմնակի ազդեցութիւնը, եւ այդ մէկը կախում ունի իրենց վարած վարժութիւններէն:

Համսթըրի կարճաժամկէտ յիշողութիւնը կը նկատուի ոչ աւելի, քան երեք երկվայրկեան: Ահա թէ ինչո՛ւ այս տնային անասունները յայտնուած են աշխարհի ամէնէն վատ յիշողութիւն ունեցող 10 անասուններու ցանկին վրայ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]