Համբաւաբեր Ռուսիոյ
Արտաքին տեսք
«Համբաւաբեր Ռուսիոյ», կիսամսեայ պատկերազարդ լրագիր։ Լոյս տեսած է 1861-1864-ին, Մոսկուայի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Մ. եւ Զ. Մսէրեաններ։ Տպագրած է պաշտօնական տեղեկութիւններ, կառավարական հաղորդագրութիւններ, լուրեր, կրօնաեկեղեցական եւ բանասիրական յօդուածներ։ «Կիրակնօրեայ զուարճալիք» խորագրի տակ տպագրած է կենցաղային, առօրեական հարցերուն նուիրուած երգիծական նիւթեր։ Հայկական կեանքը արտացոլած է մակերեսօրէն, ունեցած է շեշտուած միապետական ուղղութիւն։ Արտատպումներ կատարած է ռուսական մամուլէն[1][2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՀԱՄԲԱՒԱԲԵՐ ՌՈՒՍԻՈՅ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-11
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |