ՀՄԸՄ-ական Ապրիլեան նահատակ Մարզիկներ
Արտաքին տեսք
Գալուստ Արախեան։նշանաւոր մարզիկ եւ ֆութպոլիստ։Կազմածէ վոսփորի Արտաւազդ խումբի կէտիկ Փաշայի մասնաճիւղը։Նահատակուածէ 1915-ին Տէր Զօրի մէջ։
ԱՒԵՏԻՍ ԱՅՃԵԱՆ։ Զարգացած եւ ուսեալ երիտասարդ մը, որ սատարած էր Խարբերդի մարզական շարժման եւ Պոլսոյ մէջ մաս կազմած էր Տորք մարմնակրթական միութեան: Նահատակուած է 1915-ին, տեղահանութեան ժամանակ։
ՎԱՐԴԵՎԱՌ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ։ Տարսոնի Ամերիկեան քոլէճի բարձրագոյն կարգի ուսանողներէն եւ նոյն ուսումնարանի մարզական ոգին: Հայ մարմնակրթական աշխարհին մէջ կարեւոր դերակատար: Վարդեվառ, աքսորուած եւ նահատակուած է Տէր Զօրի մէջ:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՆՇԱՆԵԱՆ։ Հիմնադիր Մագրի գիւղի «Սասուն» մարմնամարզական միութեան: Իր շնորհիւ «Սասուն» միութիւնը 1914-ի Պոլսոյ միջազգային լիկի մէջ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած էր:Նահատակուած է 1915 -ին։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Մարզիկ» ԱմսաթերթԱ․տարի,թիւ 3