Jump to content

Կուրծքի Քաղցկեղ

Կուրծքի քաղցկեղ

Կուրծքի քաղցկեղը ամէնէն շատ տարածուած քաղցկեղը կը նկատուի կանանց մօտ[1]:

Կուրծքի Քաղցկեղի Ախտանշաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Որոշ ուռ մը կամ ուռածութիւն կրծքագեղձին մէջ կամ շրջակայքը, որ կրնայ տարածուիլ մինչեւ թեւին տակ[2]:
  • Կուրծքի չափի եւ ձեւի փոփոխութիւն:
  • Կուրծքի գոյնի փոփոխութիւն, կարմրութիւն, քերուըտուք կամ թեփատութիւն:
  • Պտուկի ցաւ, անբնական հոսուքներ, մասնաւորաբար` արիւն:
  • Պտուկը դէպի ներս մտած երեւոյթ եւ անոր շուրջը տարածուած թեփ:

Սկզբնական շրջանին կուրծքի քաղցկեղը ցաւ չի պատճառեր, սակայն ժամանակ մը ետք որոշ փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան, որոնց համար անյապաղ պէտք է դիմել բժիշկին:

Երբեմն վերոյիշեալ ախտանշանները անպայմանօրէն քաղցկեղի հետ առնչուած չեն ըլլար: Սակայն պէտք չէ անհոգ ըլլալ. նման ախտանշաններու պարագային անհրաժեշտ է անմիջապէս դիմել բժիշկին, «կանուխ յայտնաբերել, կանուխ բուժել», ապահովելու համար մեր առողջութիւնը եւ կեանքը:

Ինչպէ՞ս կանուխ յայտնաբերել

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ինքնաքննութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1.- Առաջին քայլը` լոգանքի ընթացքին.

Ձեռքի մատներով ստուգել ամբողջ կուրծքի տարածութեան ուռի կամ գունդի մը գոյութիւնը: Աջ ձեռքով ստուգել ձախ կուրծքը, իսկ ձախ ձեռքով` աջ կուրծքը:

2.- Երկրորդ քայլը` լոգանքէն ետք.

Ճնշել պտուկին վրայ` վստահ ըլլալու համար ուռի կամ արտածորումներու չգոյութիւնը:

3.- Երրորդ քայլը` հայելիին դիմաց.

Ժամացոյցի սլաքներու ուղղութեամբ աջ ձեռքի մատներով շօշափել ձախ կուրծքը եւ ստուգել գունդի կամ փոսի մը չգոյութիւնը: Պտուկէն 2,5 սմ հեռաւորութեամբ սկսիլ շրջանակաձեւ շարժումով ձեռքով շօշափել` հետզհետէ հասնելով մինչեւ կեդրոն` պտուկ: Նոյն փորձը կրկնել ձախ ձեռքով`աջ կուրծքին վրայ:

4.- Չորրորդ քայլը` երկնցած վիճակի մէջ.

Աջ կուրծքը ստուգելու համար` փոքրիկ բարձ մը զետեղել աջ ուսին տակ աջ ձեռքը դնելով ճակատին վրայ, արմուկը ծալել, դէպի առջեւ բարձրացնել եւ վերոյիշեալ շրջանակաձեւ փորձը կրկնել ձախ կուրծքին վրայ:

5.- Հինգերորդ քայլը` հայելիին դիմաց.

Ձեռքերը բարձրացնել գլուխէն վեր եւ ստուգել կուրծքին վրայ անբնական ուռի մը չգոյութիւնը:

6.- Վեցերորդ քայլը` հայելիին դիմաց.

Հայելիին դիմաց կանգնելով, ձեռքերը զետեղել կոնքին վրայ եւ ստուգել գունդի կամ փոսի մը չգոյութիւնը, ապա ձեռքերով ամուր ճնշել կոնքին վրայ մարմինը դէպի առջեւ ծռելով, կուրծքի մկանները պրկել, քննութիւնը դարձեալ կրկնել:

Ճառագայթային հետազօտութեամբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կուրծքի քննութիւնը կամ Mammogram-ը

Ճառագայթային հետազօտութեամբ կուրծքի քաղցկեղի կանուխ ախտաճանաչումը կը կոչուի «Mammogram»: Կուրծքի քաղցկեղի ախտաճանաչման ամէնէն կարեւոր միջոցներէն մէկն է ճառագայթային հետազօտութիւնը: Ան կրնայ ախտաճանաչել ամէնէն փոքր փոփոխութիւնները, որոնք ապագային կրնան վերածուիլ չարորակ ուռուցքներու, եթէ կանուխ չբուժուին:

Ինչո՞ւ պէտք է կատարել ճառագայթային քննութիւնը եւ ի՞նչ հերթականութեամբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճառագայթային քննութիւնը ապահով միջոց մըն է կանուխէն բացայայտելու կուրծքի քաղցկեղը:

Պէտք է կատարել երկու տարին անգամ մը, 40-49 տարեկան կիներու պարագային: Իսկ 50 տարեկանէն ետք տարին անգամ մը պարտադիր է, որովհետեւ հիւանդանալու հակամէտութիւնը կ'աւելնայ:

Իսկ եթէ ընտանիքի պատմութեան մէջ նման պարագաներ եղած են (մայր, քոյր, մօրաքոյր, մեծ մայր), կարեւոր է աւելի կանուխէն կատարել այս քննութիւնը:

Որո՞նք հակամէտ են կուրծքի քաղցկեղ ունենալու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այն կիները, որոնք կը պատկանին հետեւեալ խումբերէն մէկուն, պէտք է աւելի զգուշ ըլլան, քան ուրիշները եւ յաճախակի ստուգման քննութիւններու ենթարկուին բժիշկին թելադրանքին համաձայն:

1.- Յիսուն տարեկանէն վեր եղող կիները:

2.- Քառասուն տարեկանէն վեր եղող կիներ, որոնց մայրերը կամ քոյրերը կուրծքի քաղցկեղ ունեցած են:

3.- Կիներ, որոնք չեն ծննդաբերած կամ ուշ ամուսնացած են եւ` երեսուն տարեկանէն ետք ծննդաբերած:

4.- Կիներ, որոնք նախապէս կուրծքի քաղցկեղ ունեցած են:

5.- Կիներ, որոնք ծանր կը կշռեն, մանաւանդ`մարմինի վերի բաժինը:

Կուրծքի քաղցկեղը կանխարգիլելու եօթը միջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կուրծքի քաղցկեղը ութսուն առ հարիւր տոկոսով կարելի է կանխարգիլել` ապրելակերպի կարգ մը փոփոխութիւններ կատարելով,
  • Յաճախ թարմ կանաչեղէն եւ պտուղներ ուտել` յատկապէս` կենսանիւթ Ա-ով եւ Սէ-ով հարուստ տեսակներ,
  • Սնունդին մէջ պակսեցնել բուսական կամ կենդանական իւղի քանակը,
  • Աղի եւ ծխացուած ուտելիքներէն զգուշանալ,
  • Սնունդին մէջ մանրաթելերուն (fiber) քանակը աւելցնել` կանաչեղէն եւ պտուղ ուտելով,
  • Գիրնալէ զգուշանալ,
  • «Էսթրոժեն» հորմոնը չօգտագործել առանց բժիշկի յանձնարարականին,
  • Ալքոլի գործածութիւնը սահմանափակել:

Ձկան իւղին օմեկա 3 ճարպաթթուները կը դարմանեն կուրծքի քաղցկեղը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ձկան իւղին օմեկա 3 ճարպաթթուները կը դարմանեն ստինքի քաղցկեղը:

Փենսիլվանիա համալսարանի քաղցկեղի բաժանմունքի բժիշկներուն մէկ ուսումնասիրութիւնը եւ մուկերու վրայ կատարած փորձերը ցոյց տուած են, որ «թամսքսիֆին» դեղին կողքին, օմեկա 3 ճարպաթթուներու գործածութիւնը յստակօրէն կը նուազեցնէ ստինքի քաղցկեղի ուռերու զարգացումն ու տարածումը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]