Կուսանաց վանք

Շուշիի աւերուած թաղամասերէն մէկը, կեդրոնը՝ Կուսանաց վանքը

Կուսանաց վանք նաեւ Անապատ, ոչնչացուած հայկական վանքային համալիր՝ Շուշի քաղաքին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կուսանաց վանքը կը համարուի քաղաքի հնագոյն յուշարձաններէն մէկը։ Կառուցուած է 1816 թ․-ին Հռիփսիմէ Բահդուրեանի օգնութեամբ։ Ան կը հաւաքէ բաւարար գումար վանքի կառուցման համար։ Անոր նաեւ կ՛օգնէին եղբայրները՝ Իսրայէլ, Աստուածատուր եւ Պետրոս Բահդուրեանները։ Վանքն ունէր ուղղանկիւն հատակագիծ։ Կառուցուած է սպիտակ քարէն։ Ներսի բաժինին մէջ կային՝ Աստուածաշնչեան դրուագներ պատկերող որմնանկարներ։ Հարաւային կողմը կար՝ եռայարկ զանգակատուն։

Վանքն ունէր նաեւ շարք մը այլ շինութիւններ, անոնց կարգին՝ վերնատուն։ Բակին մէջ կը պահուէր թնդանօթ, որ ձուլուած էր Թուրինի մէջ 1813 թ-ին։ Այդ թնդանօթն ունէր իր սեփական պատմութիւնը։ Այդ թնդանօթի շնորհիւ, հայ կամաւորական ջոկատները՝ Խորէն քահանայի ղեկավարութեամբ, կը պաշտպանէին Խոնուտի կիրճը։ Վերջին անգամ այդ թնդանոթն օգտագործուած է հայերու կողմէն՝ Շուշիի ջարդերու ընթացքին։ Վանքը յայտնի էր իր երեք այգիներով։

Կուսանաց վանքի զանգակատունը

Եկեղեցւոյ պատմութիւնն աւարտեցաւ 1960-70-ական թթ., երբ Արցախ մտաւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, հրամայուեցաւ վանքը հաւասարեցնել հողին։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մկրտչեան Շ. Մ. Լեռնային Ղարաբաղի Պատմա-ճարտարապետական կառոյցներ // Երեւան., 1988 ISBN −5-540-00402-7

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]