Կոյրերու Յատուկ Ֆութպոլ


Կոյրերու Յատուկ Ֆութպոլը յատուկ է ամբողջովին կոյր կամ թեթեւ լոյս նշմարող խաղացողներու:
Խաղին օրէնքները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Կոյր խաղացողներու ֆութպոլի խաղը ունի իրեն յատուկ օրէնքները: Առաջին հերթին է խաղացողներուն նոյն մակարդակի վրայ գտնուիլը:
- Բոլոր խաղացողները իրենց աչքերը ծածկող դիմակ մը պէտք է գործածեն` ամբողջական մթութիւն մը ստեղծելով:
- Անոնց դաշտը աւելի փոքր է, 20×40 մեթր: Ան պատնէշով մը շրջապատուած է, որպէսզի գնդակը դուրս չերթայ:
- Խումբը կազմուած կ'ըլլայ դաշտի չորս կոյր խաղացողներէ, եւ մէկ տեսնող բերդապահէ մը:
- Խաղը կը տեւէ 30, 40 կամ 50 վայրկեան[1]:
Ձայնին դերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խաղացողները, որոնք վարժ են առանց տեսնելու շրջելու, կը դիմեն նաեւ լսողութեան:

ֆութպոլի գնդակը լեցուած է փոքրիկ զանգակներով, որոնք ձայն կը հանեն գլորուելու ընթացքին:
Խաղացողները մտիկ կ'ընեն հակառակորդ բերդին ետեւը կանգնած զիրենք ուղղորդողը, իրենց մարզիչը կամ բերդապահին տուած տեղեկութիւններն ու հրահանգները:
Դէպի գնդակը վազող խաղացող մը պէտք է լուր տայ միւս խաղացողներուն` կանչելով «վոյ», բախումներէն խուսափելու համար: Որպէսզի խաղացողները կարենան լաւ լսել, հանդիսատեսներէն կը պահանջուի լռութիւն: Սակայն, անոնք իրաւունք ունին պոռալու, երբ «կոլ» կը նշանակուի[2]: