Jump to content

Կարապետ Դաւիթեան

Կարապետ Դաւիթեան, «Տէտէ» եպ. առաջնորդ Կեսարիոյ Ս.Կարապետ վանքին, ծնած Կէմէրէկ 1749-ին, միաբան Ս.Կարապետ վանքին. 1778-ին վարդապետ եւ 1798-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած: Ճգնաւոր եւ ազնիւ մարդ: 42 տարիներ կը մնայ Ս.Դանիէլ վանքին մէջ ոգտակար ըլլալով եւ կատարելով շինարարութիւններ թէ՝ վանքի եւ թէ իրեն թեմ գիւղերու մէջ. 1824-ին Ֆրէնկեանները կը յաջողին զինքը Ս.Կարապետի առաջնորդ կարգել տալ Ստեփան եպ.ի կենդանութիւնը. բայց յաջորդ տարին նորէն Ս.Դանիէլ վանքը կը ստիպուի դառնալ: Դաւիթ Դանիէլեան կաթողիկոսական վէճերուն ատեն 1802 Մյիս 27 ին Իւչ Քիլիսէ վանքին մէջ գումարուած ժողովին մասնակցած է (Դիւան Հայ. Պատմ. Ե. հտ. 234): Կը ստորագրէ «Կարապետ եպ. Կեսարիոյ»: 1823-ին ալ գացած է Երուսաղէմ եւ ապա Կ. Պոլիս, ուր պատ. փոխանորդ եղած է կարճ ատեն մը: Իր երկար պաշտսնավարութեան միջոցին ունեցած է շատ մը աշակերտներ. որոնցմէ ոմանք մնացած են վանքին մէջ իբրեւ միաբան:

Կարապետ եպ. մեռած է 1839 Փետր. 12-ին իննուսունամեայ եւ թաղուած վանքին եկեղեցւոյն արեւմտեան դրան ներքին կողմը:

Իր տապանաքարին վրայ կը կարդացուէր.

«Այս է տապան Կարպետ Արքեպիսկոպոսի,

Ընտիր վերատեսչի Կեսարիոյ Մեծի:

Որ նստաւ ի սուրբ վանս Քառասունամի

Տեղեաւ ի Դաւիթեան գարմէ Կէրմերցի

Եւ վեշտասան ձեռնասուն աշակերտ ունի:

Աստէն փոխեցաւ իննսուն ամաց կենի.

Ի 1839 ամի Փրկչին եւ Փէտրուարի յերկոտասանանին»:

«Ալպօյաճեան՝ «Հայ Կեսարիա» էջ 972-3»: