Կառուցողական Մղօններ
Կառուցողական մղօնները (anabolic steroids) արհեստականօրէն (synthetic) արտադրուող մղօններ (steroids) են: Անոնք կը կոչուին նաեւ կառռւցողական արական մղօններ, իսկ ժողովուրդին կողմէ անոնք յաճախ կանուանուին որպէս՝ մղօններ: Արհեստականօրէն պատրաստուած մղօնները ունին արական բնական ներազդակի (testosterone) բոլոր յատկութիւնները:
Յատկութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս ներազդակը (hormone) բնականօրէն կ՛արտադրուի ամորձիներուն (testicle) մէջ: Անոր յատկութիւնները.
ա. Կ՛արագացնէ առնանդամին (penis), սերմնաբշտիկին (seminal vesicle), սերմնաժայթքիչ ծորանին (ejaculatory duct), շագանակագեղձին (prostate gland), կոճղիզա-միզուկային (bulbo-urethral) գեղձերուն եւ փոշտին (scrotum) աճումը.
բ. Կը զարգացնէ տղոց մօտ մարմնական սեռային երկրորդական յատկանիշները, ինչպէս՝ մորթի գոյնի եւ ձայնի փոփոխութիւն, մօրուքի աճում, մարմինի զանազան մասերուն վրայ մազի յայտնաբերում եւ մարմինի ֆիզիքական համաչափութիւն:
Արհեստականօրէն պատրաստուած կառուցողական մղօններուն դերակատարութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կառուցողական մղօններու հիմնական յատկութիւնները արական բնական ներազդակներուն կը նմանին, սակայն, կարելի է մանրամասնօրէն յիշել արհեստականօրէն պատրաստուած կառուցողական մղօններուն դերակատարութիւնները.
1- Մարմինի մկաններու ուժեղացում եւ ծաւալում, յատկապէս՝ վիզի, ուսերու, բազուկներու եւ կրծքավանդակի մկաններու, ինչպէս նաեւ մկաններու տկարացման արգելք.
2- Մեծ քանակութեամբ բնասպիտի (protein) արտադրութիւն.
3- Ախորժակի բարելաւում.
4- Ոսկորներու եւ ոսկրածուծի աճ.
5- Արական սեռային յատկանիշներու զարգացում. այսպէս՝
ա. Արբունքի արագացում եւ բարելաւում,
բ. Դէմքին վրայ մազերու աճում,
գ. Ձայնալարերու ծաւալում եւ ձայնի փոփոխութիւն,
դ. Մարմինի զանազան մասերուն վրայ մազի յայտնաբերում, ինչպէս՝ կուրծքի, ոտքերու եւ ցայլքի (pubic) վրայ.
ե. Մարմինի ֆիզիքական համաչափութիւն,
զ. Ճարպային գեղձերու (sebaceous glands) աշխուժացում,
է. Առնանդամի ծաւալում անչափահաս տղոց մօտ եւ ծլիկի (clitoris) ծաւալում՝ անչափահաս աղջիկներու մօտ:
Կառուցողական մղօնները բժշկութեան մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կառուցողական մղօնները բժշկութեան մէջ կը գործածուին՝
1- Գրգռելու համար ոսկրածուծի արտադրողականութիւնը եւ արագացնելու համար ոսկորներու աճը.
2- Արգելք հանդիսանալու տարեցներու ոսկրափխրումին (osteoporosis).
3- Արագացնելու մարմնական աճը.
4- Բարելաւելու ախորժակը.
5- Դարմանելու ամլութիւնը (infertility) եւ սեռային տկարութիւնը.
6- Արագացնելու արբունքը եւ դարմանելու արբունքի ուշացումը.
7- Բարելաւելու տարեցներու եւ շատ տկար անձերու մկանային կարողականութիւնը, մասնաւորապէս՝ ներմուծեալ դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ախտանիշէ (AIDS), մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահրէ (HIV) եւ խլիրդէ տառապող հիւանդներուն մօտ.
8- Արական ներազդակի անբաւարարութենէ տառապողներուն սեռային կեանքը (libido) աշխուժացնելու եւ բարելաւելու.
9- Բարելաւելու արեան տկարացումի որոշ պարագաներ.
10- Օժանդակելու սպիտակարիւնութեան (leukemia) դարմանումին:
Կառուցողական մղօններու գործածութեան հետեւանքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կառուցողական մղօնները կը գործածուին մասնաւորապէս մարզիկներու կողմէ, սակայն անոնց գործածութիւնը հակաօրինական է եւ գործածողները կ՛ենթարկուին օրինական հետապնդումներու ու պատիժներու:
Ընդհանրապէս բոլոր մարզիկները ստիպողաբար կենթարկուի՛ն բժշկական յատուկ քննութիւներու՝ փաստելու համար կառուցողական մղօններու գործածութիւնը անոնց կողմէ: Այն մարզիկը, որ կը մերժէ բժշկական քննութիւնը, կը ստանայ համապատասխան պատիժ:
Յաճախ պատանիներ եւ երիտասարդներ գաղտնօրէն կը գործածեն կառուցողական մղօնները, պարզապէս ապահովելու համար մարմնական եւ մկանային ֆիզիքական աճ: Կառուցողական մղօնները անչափահասներու մօտ կու տան աւելի զօրաւոր ըլլալու տրամադրութիւն եւ մարզիկի խաբկանք:
Ընդհանրապէս անչափահասները եւ երիտասարդները ընդունելի քանակէն շատ աւելիով կը գործածեն այս մղօնները, հետեւաբար, անոնք կ՛ունենա՛ն զանազան տեսակի բարդութիւններ եւ երեւոյթներ:
Ծնողները պէտք է կասկածին իրենց զաւակներուն կողմէ այս մղօններու գործածութեան հարցէն, երբ տեսնեն հետեւեալ փոփոխութիւնները անոնց մօտ.
1- Տրամադրութեան անսովոր փոփոխութիւն.
2- Դէմքի պզուկի (acne) վատթարացում.
3- Անակնկալ մկաններու աճ:
Մեծ քանակութեամբ գործածուած կառուցողական մղօնները կ՛ազդեն մարդու առողջութեան վրայ եւ կը յառաջացնեն հետեւեալ խանգարումները ու անբնական երեւոյթները.
1- Արեան ցած խտութեամբ ճարպաբնասպիտի (LDL) բարձրացում.
2- Արեան բարձր խտութեամբ ճարպաբնասպիտի (HDL) նուազում.
3- Արեան ճնշումի բարձրացում.
4- Սրտի ձախ փորոքի (ventricle) աշխատանքի խանգարում.
5- Պզուկի (acne) յայտնաբերում դէմքին վրայ.
6- Հոգեբանական անբնական զարգացումներ, մասնաւորապէս՝ թշնամական արարք (violence), նախայարձակ մտադրութիւն (aggression), ցնորութիւն (mania), տրամադրութեան փոփոխութիւն եւ խանգարում, ինչպէս նաեւ մղօնի ենթակայութիւն (dependence).
7- Ամլութիւն, սերմնաբ« (sperm) նուազում ու ամորձիներու տկարացում.
8- Դաշտանի, դաշտանադադարի եւ ձուիկներու (ova) արտադրութեան խանգարումներ.
9- Ոսկորներու անբնական եւ յոռի աճ.
10- Լեարդի ուռեցքներու զարգացում.
11- Տղոց մօտ՝ կրծքագեղձի աճ, մազի կորուստ, մկաններու ցաւ, ձայնի խռպոտութիւն, շագանակագեղձի ծաւալում եւ կանխահաս սեռային կեանքի զարգացում.
12- Աղջիկներու մօտ՝ մազակալում, գլխու մազի կորուստ եւ ծլիկի ծաւալում.
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բժիշկին Դ. Խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Անթիլիաս, 2015, էջ 69-71