Jump to content

Կապի Թանգարան (Երեւան)

Կապի Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Հիմնադրուած է 2012
40°12′34″N 44°31′49″E / 40.2095°N 44.53039°E / 40.2095; 44.53039
Քարտէս
Քարտէս

Կապի թանգարան, կապի առաջին թանգարանը Հայաստանի մէջ, հիմնադրուած է 2012-ին։

Կապի թանգարանը հիմնադրուած է 2012-ին։ Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին ՀՀ երթեւեկութեան եւ կապի նախարարի տեղակալ Անդրանիկ Ալեքսանեանը, «ՎիմպելԿոմ» ընկերութեան ղեկավարութիւնը ի դէմս ԱՊՀ երկիրներուն մէջ տնտեսութեան զարգացման գիծով փոխնախագահ Տիմիդրի Քրոմսկիի, հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի անդամ Սամուէլ Արաբաջեանի, ՌԴ դեսպան Վէաչեսլաւ Քովալենկոն, Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաները ներկայացնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։

Կապի թանգարանին մէջ ներկայացուած են հեռախօսային կապի եւ «ԱրմէնԹէլ» ընկերութեան զարգացման պատմութեան վերաբերող նիւթեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ներդրուած կապի ժամանակակից տեխնոլոգիաներու ցուցանմուշներ։ Թանգարանին մէջ ներկայացուած ցուցանմուշները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռնեն այցելուներուն ծանօթանալ Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան տեխնոլոգիաներու զարգացման պատմութեան հետ, ինչպէս նաեւ իմանալ աղէտի գօտիին մէջ կապի վերականգնման գործընթացին հայ կապաւորներու ունեցած ներդրման մասին[1]։

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի մէջ, Ազատութեան պողոտայի 24/1 հասցէով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայաստանի մէջ բացուած է կապի առաջին թանգարանը

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]