Կանաչ Կիրակի

Կանաչ Կիրակի, այս Կիրակին կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի: «Աշխարհամատուռ» կը նշանակէ բոլոր քրիստոնեաներու մատուռը, որ Երուսաղէմի առաջին եկեղեցին է, հիմնուած առաքեալներու կողմէ: Իսկ «Կանաչ» ըսելով՝ նկատի ունինք ծաղկած ու կանաչած Եկեղեցին: Կանաչը կը խորհրդանշէ նաեւ Եկեղեցւոյ մշտականութիւնը եւ անմահութիւնը:

Կանաչ Կիրակիին խորհուրդը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհամատրան Կիրակին տօնն է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ, որովհետեւ այս Կիրակի օրը կը հիմնուի, կը հաստատուի ու կը տարածուի Քրիստոսի Եկեղեցին ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Տօնն է աշխարհի Եկեղեցւոյ եւ ոչ թէ աշխարհի եկեղեցիներու, որովհետեւ Եկեղեցին մէկ է՝ թէեւ բազում մասերու բաժնուած ըլլայ, որու մասին կ'ըսէ Սողոմոնը. «Թող վաթսուն թագուհի եւ ութսուն հարճ ըլլան, թող ազնիւ օրիորդներ ունենայ արքան, մինչ Այսօր նաեւ Եկեղեցւոյ նաւակատիքն է, որ աւելի պայծառ է, քան Եկեղեցւոյ միւս նաւակատիքները, քանզի ասիկա անմիջապէս կը յաջորդ է Նոր Կիրակիին, որու մէջ մեր Տէրը նորոգեց Եկեղեցին, քանզի նաւակատիքը տաճարի նորոգման տօնահանդէսն է:

Եկեղեցին ըլլալով մէկ՝ խորհուրդով երկու մաս ունի՝ հին ու նոր: Հինը ձեւաւորուած է Դրախտին մէջ՝ վերցուելով Ադամի կողէն, եւ աճիլ մինչեւ Քրիստոս, իսկ Նորը շինուեցաւ Գողգոթայի վրայ՝ Քրիստոսի կողէն, եւ աճելու է մինչեւ աշխարհի վախճանը: Ինչպէս Հին եկեղեցին Ադամի զօրութեամբ էր, այդպէս ալ Նորը՝ Քրիստոսի: Հին եկեղեցւոյ մասին ըսուած է. «Աներեւոյթ էր ու անպատրաստ» (Ծննդ. Ա 2), իսկ նորին համար ըսուած է. «Աստուած ըսաւ Լոյս ըլլայ եւ եղաւ» (Ծննդ. Ա 3): Հինէն եկեղեցին անտեսանելի էր ու զուրկ գեղեցկութենէն եւ միայն Հրեաստանի մէջ երեւելի էր, իսկ Նորը Ս. Հոգիի իջնելով գեղեցկացաւ, Քրիստոսի հաւատքով լուսաւորուեցաւ եւ եղաւ երեւելի բոլոր ազգերու մէջ:

Եկեղեցին, հինի ու նորի բաժնուելով, չի կորսնցներ իր միութիւնը, որովհետեւ Հին եկեղեցւոյ մէջ կատարուող կարգերը ստուերներն էին Նոր եկեղեցւոյ կարգերու՝ ըստ այս խօսքին. «Արդարեւ, Օրէնքը հանդերձեալ բարիքներու ստուերն էր, եւ ոչ թէ իրողութիւններու բուն կերպարանքը» (Եբր. Ժ 1): Անմահ Գառան մորթուելով՝ ստուերական օրէնքներն ինքըստինքեան վերացան, ինչպէս արեգակի ծագումով կը չքանան ստուերները:

Եկեղեցին նաեւ նիւթական բաժանումներ ունի, որոնց մէջ առաջինը կը կոչուի Աշխարհամատրան, այսինքն՝ մայր բոլոր եկեղեցիներու, եւ կարգուած է բոլոր հաւատացեալներու համար: Ժամանակային առումով առաջինը կառուցուած է Ս. Էջմիածինը՝ Տրդատ արքային կողմէն, ապա Երուսաղէմ Ս. Յարութեան տաճարը՝ Հեղինէ թագուհիին կողմէ: Այնուհետեւ Կոստանդիանոս կայսրը Հռոմի մէջ կը կառուցէ Ս. Պետրոս եկեղեցին: Չնայած որ Ս. Յարութեան տաճարն առաջինը չէ կառուցուած, սակայն Խաչեալին զօրութեամբ ան գերազանց է միւս եկեղեցիներէն: Քանի որ Սողոմոնի տաճարին փոխարէն կառուցուած, ինչպէս եւ Սիոնը՝ Սինա լերան փոխարէն եղաւ։ Եւ որ աւելի կարեւոր է, կառուցուած է Գողգոթայի վրայ եւ սրբուած է Տիրոջ Արեամբ:Ասիկա եւս կը կոչուի Աշխարհամատուռ, ինչպէս Նոյեան տապանը, քանի որ այն ընդհանուր է բոլոր քրիստոնեաներու համար:

Երուսաղէմի տաճարը կառուցուելէ ետք հայրապետները կը հաստատեն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տօները՝ մէկն այս գարնանային ժամանակներուն մէջ եւ մէկն ալ՝ աշնան[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Qahana.am Արարատյան Հայրապետական Թեմ |։ «Տօներ | Qahana.am»։ www.qahana.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-10-02-ին