Կլիմայի աղիւսակը ցոյց կու տայ տուեալ վայրի կլիման:
Վերեւի շարքին մէջ գրուած տառերը ամիսներն են` յունուար, փետրուար, եւ այլն: Սանդղակներն ու թիւերը կը փոխանցեն հետեւեալ տեղեկութիւնները: Կապոյտ սանդղակը ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր ամսուայ տեղումներու գումարը (անձրեւի, ձիւնի եւ այլն): Կապոյտ թիւերը` տեղումներու գումարը միլիմեթրով (մէկ քառակուսի մեթրին` մէկ լիթր) կամ դիւյմով: Կարմիր թիւերը` իւրաքանչիւր ամսուայ միջին օրական բարձր եւ ցած ջերմաստիճանը, իսկ կարմիր սանդղակը ցոյց կու տայ միջին օրական ջերմաստիճանի տեւողութիւնը իւրաքանչիւր ամսուայ համար: Բարակ մոխրագոյն գիծը` 0 °C կամ 32°F` սառեցման կէտը, կողմնորոշման համար:
Ինչպէս կը տեսնենք աղիւսակին մէջ, Մարիպորը ունի բարեխառն կլիմա տաք ամառով եւ սառ ձմեռով: Այն հիւսիսային կիսագունդին մէջն է, որու առաւելագոյն ջերմաստիճանը յուլիս - օգոստոս ամիսներուն է: Ջերմաստիճանը Լապուանի մէջ, որ կը գտնուի հասարակածին մօտ, ամբողջ տարուան ընթացքին համարեա չի փոփուիր: Տարուան սկիզբը կայ չոր շրջան մը, որուն կը յաջորդէ խոնաւ սեզոնի հետ տեղումներու բարձր քանակ: Քուսքօն նոյնպէս կը գտնուի արեւադարձային գօտիին մէջ, բայց աւելի մեծ բարձրութեան վրայ է` Անդերի լեռներուն մէջ, եւ շատ չոր: Գրեթէ նման է Լապուանին, ամբողջ տարուան ընթացքին օրական բարձր ջերմաստիճանը համարեա չի փոուիր, բայց բարձրութեան շնորհիւ զգալիօրէն սառն է: Քուսքոյի գիշերները աւելի սառն են, քան օրուան ընթացքին, յատկապէս չոր ամիսներուն` մայիսէն օգոստոս: