Ծովային Խոտեր
Ծովային խոտերը ծաղիկ տուող բոյսեր են, որոնք կ'ապրին ջուրին մէջ: Գոյութիւն ունին տեսակաւոր ծովային խոտեր, եւ կարգ մը խոտեր նոյնիսկ խոտերու չեն նմանիր: Անոնք կրնան ունենալ շատ տարբեր ձեւերով եւ չափերով տերեւներ, կան հաւկթաձեւ տերեւներ կամ ժապաւէնի նման:
Ծովային այս խոտերը երբեմն կը նմանցուին բնական միջավայրի ճարտարագէտներու, որովհետեւ անոնք մասամբ կը ստեղծեն իրենց անձնական բնակավայրը: Իրենց տերեւներուն շնորհիւ` անոնք կը դանդաղեցնեն հոսանքները, իսկ իրենց արմատներուն շնորհիւ` կը կայունացնեն ծովերու խորքը:
Այս խոտերը շատ կարեւոր են, որովհետեւ անոնք կը հայթայթեն սնունդ եւ ապաստան` բազմաթիւ անասուններու: Ծովային մարգագետիններու մէջ կարելի է հանդիպիլ` կարիդոսներու, խեչափառներու, ծովաստղերու, ծովային խխունջներու, ձիաձուկերու[1]: Բազմաթիւ անասուններ կը պահուըտին ծովային մարգագետիններուն մէջ: Անոնք կը խուսափին զիրենք որսացող այլ անասուններէ, ինչպէս` շանաձուկերէն:
Ծովային մարգագետինները կարեւոր են, որովհետեւ հոն կը մեծնան փոքրիկ ձուկերը եւ կարիդոսները` ովկիանոսին մէջ լողալ համարձակելէ առաջ: