Jump to content

Ծովակ (Վահրամ Սարգիսեան)

Ծովակ
Ծննդեան անուն Վահրամ Սարգիսեան
Ծնած է 1890
Ծննդավայր Նիկոմիդիա
Մահացած է 1960
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն և  Թուրքիա
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ

Ծովակ, (1890 - 1960, Պոլիս, Թուրքիա), ի ծնէ անունով՝ Վահրամ Սարգիսեան։

Ծնած է (1890-1960) Իզմիթ: Մանուկ հասակին փոխադրուած է Պոլիս: Յաճախած է Կէտիկփաշայի բողոքականներու վարժարանը (Կարկուռ). աւելի վերջը Սկիւտարի Պէրպէրեանը, ուր ունեցած է Տիրան Չրաքեանի, Ե. Տէր Անդրէասեանի եւ Տիգրան Չէօկիւրեանի պէս ուսուցիչներ. որոնց ազդեցութեան տակ տուած է գրական առաջին փորձերը։ Իր գրական ճաշակը ազդուած է նաեւ մանկութեան կրած ընտանեկան դժբախտութիւններէն եւ կսկծալի միջավայրէն։

Իր առաջին գրութիւնը քերթուած մըն է՝ Սուգը, որ լոյս տեսած է «Շանթ» գրական-գեղարուեստական հանդէսին մէջ, 1918-ին։

Ունի պատմուածքներ, արձակ էջեր, վէպեր, թատերակներ, նաեւ թարգմանութիւններ՝ մասնաւորաբար ֆրանսացի հեղինակներէ։

Լոյս տեսած են «Գիշատիչ Թռչունը» եւ «Խելառ քամիներ» վէպերը թերթօնի ձեւով, «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ «Գիշատիչ Թռչունը» աւելի վերջը հրատարակուած է առանձին հատորով։ «Շղթայ» անուն թատերակը ներկայացուած է դերասան Պալթազարի յոբելեանի առթիւ։

Իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է պոլսահայ գրական գործունէութեան. «Ժամանակ» օրաթերթին կիսամսեայ գրական էջերը խմբագրած է 1943-էն սկսեալ, մօտ հինգ տարի, հասցնելով նորահաս սերունդի գրողներ։

Վարած է ուսուցչական պաշտօնը Րումէլի Հիսարի Թադէոսեան վարժարանին մէջ։

Իբրեւ գրչանուն գործածած է Արեւելքցի, Վահասար եւ Հ. Ս. Հրաչ:

Մշակած է նաեւ գիւղական գրականութիւն[1]:

Հրատարակւած գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Խեչառ Քամիներ (վէպ) - ժամանակի թերթօն, 1942
  2. Համայնապատկեր Հանրապետական Շրջանի Իսթաճ պոզանայ Գրականութեան (Ռոպէր Հատտէճեանի եւ Վարդան Կոմիկեանի աշխատակցութեամբ) - Իսթանպուլ, 1957
  3. Շղթայ (թատերգութիւն) - ներկայացուած' դերասան Պաէ թաղարի յոբելեանին առթիւ,1952։
  4. Գիշատիչ Թռչունը (վէպ) - Իսթանպուլ, 1960

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։