Ծիծեռնավանք
Ծիծեռնավանք, Ագռաւի գերեզման, Ագռաւի տապան, Աղօղլան, Ծիծառնավանք, Ծիծեռնեկու վանք, Ծիծառնոյ վանք, Ծիծառնու վանք, Ծիծեռնակավանք, Ծիծեռնակու Ս. վանք, Ծիծռանավանք, Ծիծռան վանք, Ծիծռավանք, Ծիծռնայ վանք, Ծիծռնոյ վանք[1]։ Վանքային համալիր Մեծ Հայքի Սիւնիք նահանգի Աղահեճք գաւառին մէջ (այժմ՝ Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ), Աղաւնոյ գետին աջ ափին, Ծիծեռնավանք գիւղին մօտակայքը։
Ծիծեռնավանքի եկեղեցին աչքի կը զարնէ իր ինքնատիպ յարդարանքով: Անիկա վաղ միջնադարու հայկական ճարտարապետութեան կարեւորագոյն կառոյցներէն է։ Եռանաւ պազիլիք եկեղեցիներու տիպին կը պատկանի, ունի ուղղանկիւն յատակագիծ մը, չորս զոյգ մոյթեր եւ արտաքուստ շեշտուած միջին նաւ մը։ Հայկական նոյնատիպ կառոյցներուն մէջ միակ կանգուն եւ լաւ պահպանուած օրինակն է։ Ներկայիս Ծիծեռնավանքը իր վրայ կը կրէ քանի մը շինարարական հանգրուաններու ազդեցութիւնը։ Յատկապէս, արտաքին պատերուն ստորին՝ սրբատաշ պազալթով (7-8 շարք բարձրութեամբ) մասը կը պատկանի Դ. դարուն (կամ աւելի վաղ ինկած ժամանակաշրջանին)։ Ըստ որոշ կարծիքներու Ծիծեռնավանքին տեղ սկիզբը հեթանոսական տաճար մը եղած է, որ Դ. դարուն եկեղեցւոյ վերածուած է։ Ե.-Է. դարերուն յաջորդաբար աւելցած են պատերուն վերին մասերը, աւանդատուները եւ խորանը՝ սիւնազարդ վերնայարկով, փայտէ սիւներուն փոխարէն՝ կամարաշարքերը։ Ծիծեռնավանքի պազիլիքին առանձնայատկութիւններէն են արեւմտեան մասին մուտք չունենալը (որ յատուկ է հեթանոսական տաճարներուն եւ բնորոշ չէ պազիլիք եկեղեցիներուն), խորանին վերի կամարակապ սրահը (եզակի է հայկական ճարտարապետութեան մէջ), բեմին լուսամուտ չունենալը, թաղակիր կամարներու բացակայութիւնը եւ այլն։ Ի տարբերութիւն զուսպ արտաքին մասերուն, ներսը վաղ միջնադարուն հայկական այլ ճարտարապետական յուշակոթողներու նմանութեամբ հարուստ յարդարանք մը ունի։ Մոյթերը զարդարուած են շախմատաձեւ ու երկշարք ատամիկներով, ալիքաձեւ ու պարանահիւս, օձակերպ քանդակներով, ուղղանկիւնին մէջ ներգծուած ութճառագայթանի աստղերով։ Հիւսիսային պատին պահպանուած է որմնանկարի հատուած մը՝ երկու սուրբերու պատկերով։ Պահպանուած է որոշ վարդեակներու եւ մոյթերու խոյակներու վրայ կարմիր ներկը։
Յիշատակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփանոս Օրբէլեան Ծիծեռնավանքը կը յիշէ Սիւնիքի շուրջ 150 վանքերու ցանկին մէջ իբրեւ 30 նշանաւոր վանքերէն մէկը, բայց ոչ իր ժամանակի (ԺԳ. դարու վերջը) առաջնակարգ վանքերու շարքին եւ զայն կը դասէ 17֊րդ տեղը։ Ուշ միջնադարուն նոյնպէս Ծիծեռնավանքը պատկանած է Տաթեւի թեմին[2].
Տաթեւի թեմին անմիջապէս պատկանող այսքան քիչ վանքերուն եւ անապատներուն ցանկը կարելի է բացատրել միայն անոնց ուխտատեղի ըլլալուն հանգամանքով, որոնց ստացած եկամուտը, կամ մեծագոյն մասը Տաթեւին յատկացուած է։ Ուշագրաւ է յատկապէս կուսանաց անապատներու թուարկումը, որոնց թիւը մեծ չէ եղած Հայաստանի մէջ։
Պատմիչը Ծիծեռնավանքի անունը կը յիշէ նաեւ այլ առիթով մը եւս։ 844-ին Սիւնեաց նախարար Փիլիպպէն Տաթեւի վանքին կը նուիրէ իր հայրենի Տաթեւ գիւղը, ամբողջ հող ու անդաստանով։
Աւանդութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռչաս գիւղի մելիք Թուման շարունակ կը նեղացնէր գիւղի քահանան։ Վերջինս, Մելիքէն ազատելու համար՝ անէծքի թուղթ մը կը գրէ եւ անոր սենեակը կը նետէ ու կը փախչի։ Այդ թուղթին ուժով մելիքը կը կորսնցնէ իր կինը, որդիները եւ ամբողջ հարստութիւնը։ Հասկնալով, որ բոլոր դժբախտութիւններուն պատճառը քահանային անէծքն է, մելիքը կ'երթայ վերջինէս թողութիւն խնդրելու։ Տարբեր քաղաքներէ անցնելով, Հռոմ կը հասնի եւ կ'իմանայ, թէ քահանան արդէն վախճանած է։ Յուսահատ Հռոմի վանքերէն մէկուն մէջ իբրեւ լուսարար կը ծառայէ եւ միշտ կ'աղօթէ իր հոգիին փրկութեան համար։
Ատեն մը ետք, մելիքը կը խածնէ Պետրոս առաքեալին ճկոյթը՝ ծիծեռնը եւ կը պահէ իր բերանին մէջ։ Այդ դէպքին պատճառով վանքին սրբապատկերները գետին կը թափին։ Քահանաները կը փորձեն մասունքը հանել բերնէն եւ զինք ալ սպաննել։ Սեղանէն ձայն մը կ'ըսէ. «Մի մերձենաք մելիքին»։ Մելիքը անվտանգ կու գայ հայրենի երկիրը։ Պաշտամունքի առարկայ սալորենիի մը տեղ ան վանք մը կը կառուցէ, ուր կ'ամփոփէ Պետրոս առաքեալին ճկոյթը՝ ծիծեռնը։ Անոր համար ալ վանքը կը կոչուի Ծիծեռնավանք[3][4]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ծիծեռնավանք
- ↑ Ստեփաննոս Օրբէլեան, Պատմութիւն նահանգին Աիսական, Թիֆլիս, 1910, էջ 516
- ↑ Արամ Ղանալանեան (1969)։ Աւանդապատում։ Երեւան: Հայկական ՍՍՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկ
- ↑ Մովսէս Խորենացի։ Պատմութիւն Հայոց։ էջեր Գիրք Ա, Գլուխ Ի