Ծաղրածու

Ծաղրածու

Ծաղրածու, կրկէսի արուեստագէտ, կատակերգական ու զուարճալի տեսարաններ ցուցադրող, որուն ելոյթները յաճախ կ՛ընկերակցին ներկայացման ամբողջ ընթացքին։

Ծաղրածուները Հայաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ միջնադարեան թատրոնի կատակերգակ դերասանները եւս կոչուած են ծաղրածուներ։ Երբեմն, ծաղրածու կ՛անուանէին նաեւ միայնակ կատակաբաններուն՝ մարդկային վարքագիծին ձեւերը ծաղրողներուն, ինչպէս նաեւ օրէնքէ ու պատիժէ ազատ մարդոց, որոնք խնճոյքներու ընթացքին եւ շուկայի, թատրոնի եւ ժողովրդական այլ հաւաքատեղիներու մէջ պատմութիւններով ու ձեռնածութիւններով կը զուարճացնէին ներկաներուն։ Ծաղրածուն համարուած է նաեւ խաղակատակ եւ խեղկատակ։ Խորհրդային ժամանակաշրջանի կրկէսի ականաւոր ծաղրածուներէն են Կարանդաշ (Միխայիլ Ռումեանցեւ), Օլեկ Փոփով, Եուրի Նիկուլին, Լեոնիտ Ենգիբարեան։

Ծաղրածուներու դերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական թագաւորութիւններու ժամանակաշրջանին, ծաղրածուները ժողովուրդը զուարճացնելու կողքին, ունէին նաեւ քաղաքական-ընկերային դերակատարութիւն։ Անոնց սրամտութեան թիրախ էր իշխող աւագանին։ Ծաղրածուն իրաւասութիւն ունէր իր կատակներով քննադատել նոյնիսկ ամենաբարձր պաշտօնեաները՝ առանց պատասխանատուութեան ենթարկուելու։ Այս երեւոյթը կը վկայէ, որ այդ ժամանակներուն Հայաստանի մէջ կը տիրէր, այսօրուան հասկացողութեամբ, որոշ ժողովրդավարական մթնոլորտ։

Ծաղրածուներուն կ’ընկերակցէին լարախաղացները, որոնց բարակ պարանի մը վրայէն ապահով անցնելու կարողութիւնը մինչեւ օրս կը զուարճացնէ հանդիսատեսը։

Կան նաեւ լարախաղաց-ծաղրածու զոյգին ծիսական բնոյթ տուող տեսութիւններ, ըստ որոնց, լարախաղացը կը ներկայացնէ աշխարհի վտանգներէն անցնող բարի ոյժը, իսկ ծաղրածուն՝ զայն ծաղրող ու վար ձգել փորձող մութ ոյժը։ Ներկայացումը միշտ կ’աւարտի բարի լարախաղացին ապահով տեղ հասնելով եւ չար ծաղրածուին երգիծական պարտութեամբ[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-16 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։