Խորհրդային Շինարարութիւն
Խորհրդային Շինարարութիւն, խորհրդային շրջանի հայկական երկշաբաթաթերթ, ամսագիր։ Հանդիսացած է ՀՍԽՀ Կենտգործկոմի (ԿԳԿ), այնուհետեւ՝ ՀՍԽՀ ԿԳԿ-ի եւ Երեւանի քաղխորհրդի, վերջը՝ ՀՍԽՀ ԿԳԿ-ի եւ արդարադատութեան ժողկոմատի օրգանը։ Լոյս տեսած է 1928-1929, 1932-1934 թթ.-ին, Երեւանում։ Խմբագիրներ՝ Ռ. Դաշտոյեան, Կ. Վռամ։
Խորհրդային քարոզճութեան դիրքերէն փորձած է նպաստել քաղաքացիական գիտակցութեան բարձրացման, լուսաբանած խորհրդային շինարարութեան անցուդարձը, շեշտած գիւղխորհուրդներու դերը տեղական մարմիններու աշխատանքին մէջ, բարձրացուցած գիւղական եւ քաղաքային խորհուրդներու նպատակները պարզաբանող հարցեր։ «Խորհրդային Շինարարութիւնը» ներկայացուցած է նաեւ սովետական արդարադատութեան գործունէութիւնը, անդրադարձած մշակութային յեղափոխութեան, պատմական յուշարձաններու պահպանութեան հարցերուն։ Տպագրած է ՀՍԽՀ ԿԳԿ-ի շրջաբերականները, որոշումները։